2017-02-17 14:04:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը համաշխարհային ժողովրդային շարժումներու 4-րդ հանդիպումի առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Միացեալ նահանգներու Քալիֆորնիա մարզի Մօտեսթօ քաղաքին մէջ  16-էն 18 փետրուարին  կայացող ժողովրդային շարժումներուն համաշխարհային 4-րդ  հանդիպումի առիթով, ուրբաթ, 17 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  յղեց պատգամ մը,  որուն սկիզբը իր խնդակցութիւնը յայտնեց ազգային գետնի վրայ  ժողովրդային շարժուներուն ի գործ դրած ճիգերուն՝ իրականացնելու համար  համաշխարհային  ժողովրդային շարժումներու  4-րդ հանդիպումը ։ Ան ապա քաջալերեց  այն մարդիկը­, որոնք կը գործեն ՝՝Երկիր , աշխատանք եւ տուն՝՝  ժողովդային  շարժումներու համաշխարհային ծրագրին ի շահ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ կատարած  քարոզարշաւին՝ մարդկային զարգացման ի շահ, ինչպէս  նաեւ բոլոր այն եպիսկոպոսներուն, որոնք  նպաստեցին ժողովրդային հանդիպումին իրականացման, ի շարս , Մարդկային ամբողջական զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոնը։ Սրբազան Հայրը ապա մաղթանք յայտնեց որ  ընկերային արդարադատութեան ի շահ ժողովրդային շարժումներու միասնաբար կատարած կառուցողական աշխուժութիւնը տարածուին բոլոր թեմերէն ներս՝ ժողովուրդներուն եւ անհատներու միջեւ կամուրջներ կառուցելու նպատակով, որպէսզի անոնք նպաստեն շրջանցնելու մեկուսացումի  պատնէշները, անտարբերութեան ,անհանդուրժողականութեան ու ցեղապաշտութեան երեւոյթները։ Ֆրանչիսկոս Պապ  պատգամին մէջ յիշեց մի քանի ամիս առաջ Հռոմի մէջ կայացած համաշխարհային ժողովրդային հանդիպումի ընթացքին շօշափուած ՝՝պատնէշներ եւ վախ .կամուրջներ եւ սէր  նիւթերը ,ընդգծելով, որ յիշեալ հարցերը վտանգ կը հանդիսանան  մարդկութեան  ամէնէն  խորին արժէքներուն։ ՝՝Մարդկութիւնը՝՝ գրեց է սրբազան Հայը  ՝՝կապրի  պատմութեան կարեւոր շրջան մը եւ որպէս քրիստոնեաներ ժամն է գործի  լուծուելու։ Ան ապա  վտնգաւոր մեծ  պատասխանատուութիւն նկատեց կարգ մը իրողութիւններու  ոչ արմատական  լուծումը, որոնք պատճառ կը դառնան անմարդկայնացումի  գործընթացի յառաջացումին։  Այս մարդկային տագնապի ծիրէն ներս  Ֆրանչիսկոս Պապ հրամայական նկատեց ժողովրդային շարժումներուն եւ անհատներուն ներդրումը,  խրախուսելով զանոնք չի մատնուիլ  վախէն մղուած անշարժութեան,  եւ  պայքարի ներքին կապանքներուն։ Սրբազան Քահանայապետը  անմարդկայնացումի յառաջխաղացքի  վտանգներէն մին  համարեց մերձաւորին մերժումը , գրելով , թէ  երբ  մերձաւոր մը կը մերժենք  մերժած կ՝ըլլանք մեր անձը, մերժած կ՝ըլլանք Յիսուսի ամէնէն կարեւոր պատուիրանները։ Մինչ՝  մերձաւորին նկատմամբ  սիրոյ ճրագը, կրնայ լուսաւորել  տիեզերքը՝ մութին մէջ կայծակի  նման  յանկարծակի  լուսաւորութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշելով Յիսուսի հարցումը ''Ո՛վ է իմ մերձաւորս'' կը պատասխանէ բարի Սամարացիի առակով։ Բարի սամարացին գործեց ողորմածութեան արարք կատարելով.  ան վիրաւոր մարդը պանդոկ տարաւ եւ անոր  վէրքերը  բուժեց՝ ։  Այս  մէկը մեզի կը սորվեցնէ , որ կարեկցութիւնը, սէրը, անորոշ զգացումը մը չէ,  այլ կը նշանակէ խնամք տանիլ ուրիշին, մինչեւ անձնուիրում - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ  աշխարհի տնտեսական  ժամանակակից համակարգին, ուր դրամը դարձած է կեդրոն եւ  քաղաքականութեան գաղափարախօսութեան  տակ ծածկուելով  կ՝անտեսէ  տառապողները ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  թուեց  աշխարհի  զանազան վէրքերը, աշխատանքի պակասի հարցը,  բռնութիւններու եւ կաշառակերութեան երեւոյթները , ճշմարիտ ինքնութեան տագնապները։։ Այս բորոր բացասական երեւոյթներուն լոյսին տակ՝  ընդառաջելով կարիքաւորին,  մեր կարգին կը դառնանք բարի սամարացիներ ու եկեղեցին, քրիստոնէական հաստատութիւնները , եւ ընկերային կազմակերպութիւնները կը դառնան այն վայրը՝ պանդոկը,  ուր   բարի սամարացին  առաջնորդեց վիրաւոր մարդը,  գրեց  Սրբազան Քահանայապետը  ապա  գնահատեց  ժողովրդային շարժումներու գաղթականներուն ի սպաս  եւ Մայր բնութեան հանդէպ  կատարած աշխատանքերը եւ այս  առնչութեամբ  ներկայացուց երկու  խորհրդածութեան նիւթեր. առաջին կլիմայի ջերմաստիճանի մտահոգիչ բարձրացումը ու այս ողղութեամբ  կոչ ըրաւ պաշտպան կանգնելու արարչութեան։  Երկրորդ` ժողովրդային շարժումներու համաշխարհային հանդիպումի անցեալ տարուան նիւթը` ՝՝ոչ մէկ ժողովուրդ ոճրագործ է եւ ոչ մէկ կրօնք ահաբեկիչ՝՝։  Բոլոր կրօններու եւ ժողովուրդներու մէջ կան բռնարար եւ ծայրայեղական անհատներ գրեց Սրբազան Հայը աւեցնելով թէ   ահ ու սարսափը  պէտք  է  փոխարինել  սիրով ՝խաղաղութիւն կերտելու համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատագամը աւարտեց խնդրելով բոլորէն, որ տարածեն վերյիշուած  սկզբունքները  եւ նմանին  Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասիզիին , իրենց անձը նուիրելով հոն ուր կայ ատելութիւն,  սէր ցանեն  հոն ուր կայ վիարաւորանք ,  ներում շնորհել հոն ուր կայ ատելութիւն, միութիւն եւ ճշմարտութիւն սփռել հոն  ուր կը գործուին սխալներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.