2017-02-17 08:11:00

Փաքիստանի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը 72 զոհ պատճառեց


Փաքիստանեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ հարաւային Փաքիստանի մէջ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սրբավայրի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը առնուազն 72 զոհ պատճառած է: Յարձակումի թիրախն էր Սիտհ նահանգի Սեհուան քաղաքին մէջ սուֆի սուրբ Լալ Շահպազ Քանատարի սրբավայրը:

Փաքիստանի վարչապետ Նաուազ Շարիֆ դատապարտեց յարձակումը, որուն պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ:








All the contents on this site are copyrighted ©.