2017-02-17 09:13:00

Կայացած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներուն հանդիպումը


Փետրուար 16-ին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Միւնիխի մէջ կայացած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի, տեղեկատւութեան եւ հասարակայնօթեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, որ քննարկուած են ԱԳ նախարարներու միջեւ յետագայ հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ համանախագահներու` տարածաշրջան այցելութեան հետ կապուած հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.