2017-02-16 12:05:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ''Special Olympics International'' ընկերակցութեան անդամներ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 16 փետրուարին՝ առաւօտեան, իր գրասենեակին մէջ Ֆրանչիսկսո Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց կղերի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Պենիամինօ Սթելլան ապա՝ յաջորդաբար ընդունեց Պարսելլոնա  թեմի երբեմնի արքեպիսկոպոս՝ կարդինալ Լլուիս Մարթինեզ Սիսթաք, Քահանայապետական գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական ծառայութեան խորհուրդին երբեմնի նախագահ՝ Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն, հուսկ՝ Քոլոմպոյի ասպետական կարգի գերագոյն ասպետ փրոֆ Քարլ Անտերսոն։

Ժամը 11,45-ին,  Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Աւստրիոյ Սթիրիա քաղաքին մէջ կայանալիք համաշխարհային ձմեռնային  ողիմպիական խաղերու  ''Special Olympics international'' ընկերակցութեան  պատասխանատուներու եւ այդ խաղերուն մասնակցող  անկարներու յատուկ պատուիրակութեան մը։

Ներկաներուն ուղղած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը   ըսաւ ՝՝մարզանքը ձեր մեծ  սէրն է ։ Ողիմպիական խաղերուն մրցոյթներուն մեծ յանձնառութեամբ պատրաստուեցաք՝ հետեւելով ''Special Olympics international''  մարզիկի երդման խօսքին` ՝՝թող որ ես յաղթեմ, սակայն՝ եթէ չկարենամ , թող որ ամբողջ ուժերովս գէթ փորձեմ՝՝ ։

Սրբազան Հայր ապա ընդգծեց  մարզանքի կարեւորութիւնը ՝՝մարզական գործունէութիւնը լաւ է ըլլայ մարմնին ըլլայ հոգիին համար  եւ ձեզի թոյլ կու տայ ձեր կեանքին որակը  լաւացնելու։ Յարատեւ պատրաստուիլը՝ յոգնութեան եւ զոհողութեան միջոցաւ , ձեզ կ՝աճեցնէ համբերութեան մէջ եւ քաջութիւնը կու տայ զարգացնելու այն կարողութիւնները , որոնք այլապէս թաքնուած  պիտի մնային՝՝ ըսաւ Ան ապա թուեց մարզանքէն բխած ուրախութիւնները ՝ շարժումի ուրախութիւնը,, միասին գտնուիլը , կեանքի եւ Արարչին  շնորհած պարգեւներուն համար ուրախութինը։

՝՝Մարզանքը  կը նպաստէ հանդիպումի  եւ զօրակցութեան մշակոյթը սփռելու՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը,  աւելցնելուվ թէ մարզիկներն ու անոնց  օգնականները միասնաբար ցոյց կու տան , որ գոյութիւն չունին անշրջանցնելի խոչընդոտներ եւ պատնէշներ ։ Ապա խօսքը ուղղելով անկար  մարզիկներուն Ֆրանչիսկսո Պապ ըսաւ.   

՝՝Դուք, յոյսի նշան էք, բոլոր անոնց համար, որոնք յանձնառու են ի սպաս աւելի ներառող ընկերութեան մը։  Իւրաքանչիւր կեանք՝ արժէքաւոր է, իւրաքանչիւր անձ պարգեւ մըն է  եւ ներառումի յանձնառումը կը հարստացնէ ամէն  հասարակութիւն ու ընկերութիւն.  այս է ձեր պատգամը՝ ուղղուած աշխարհին՝ առանց  սահմաններու   եւ առանց ոչ մէկը մեկուսացնելու՝՝  ըսաւ Սբրազնան Հայրը,  ապա ՝խօսքը եզրափակելով նշեց, թէ  ձմեռնային ողիմպիական խաղերը մարզիկներուն համար պիտի ըլլան գեղեցիկ պահ՝ իրենց  կեանքին մէջ,  եւ անոնք պիտի ըլլան  ողիմպիական խաղերուն այս  տարուան կարգախօսինն նման՝՝ ՝սրտին տրոփումը աշխարհին համար՝՝։

Նորին Սրբութիւնը ապա մարզիններուն մաղթեց, որ  ուրախ օրեր անցնեն  եւ հանդիպում կատարեն  բոլոր աշխարհէն ժամանած  բարեկամներու  հետ,­ ապա ՝բոլորը  յանձնեց Տիրամօր Մայրական հովանիին ու իւրաքանչիւրին եւ անոնց   ընտանիքներուն վրայ հայցեց  Աստուածային  օրհնութիւնը`  խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.