2017-02-16 08:36:00

Լաթաքիա հասած է Հայաստանէն մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ ժողովուրդին ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան առաջին խմբաքանակը արդէն հասած է Լաթաքիոյ հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի:

Յիշեցնենք, երէկ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած էր, որ Հայաստանի մարդասիրական օգնութեամբ օդանաւը վայրէջք կատարած է Սուրիա:








All the contents on this site are copyrighted ©.