2017-02-15 12:07:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի,  15 փետրուարին՝ առաւօտեան ժամը 9.00-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան  քովնտի դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց բնիկ ժողովուրդներու ներկայացուցիչները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Հռոմի մէջ գումարուած  գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի` կառավարիչներու խորհուրդի 40-րդ նիստին։ 

Սրբազան Հայրը ներկաներուն ուղղած պատգամին մէջ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար եւ անդրադառնալով վերոյիշեալ նիստին ընթացքին արծարծանուած բնիկ ժողովուրդներու տնտեսական պատասխանատուպիթեան հայող նիւթին, էական հարց նկատեց ինչպէս հաշտեցնել զարգացման իրաւունքը՝  ներառեալ ընկերային եւ մշակութային մարզէն ներս, պահպանելով բնիկներու եւ անոնց տարածաշրջաններուն յատկութիւնները։  

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն նկատմամբ միջազգային    յայտարարութեան թիւ 32 յօդուածի գործադրութիւնը՝  իրաւունքի  գերակայութիւնը­ որուն միջոցաւ կարելի կը դառնայ ապահովել խաղաղ համագործակցութիւնը պետական իշխանութիւններուն եւ բնիկ ժողովուրդներու միջեւ, յաղթահարելով հակասութիւններն ու հակամարտութիւնները։

Ֆրանչիսկոս Պապ կարեւոր նկատեց նաեւ  ծրագիրներու եւ ուղեգիծերու մշակումը,  որոնք կը ներառեն բնիկներուն ինքնութիւնը,  յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդներուն եւ կիներուն։ Այս կը նշանակէ ըսաւ Սրբազան Պապը թէ ''պետութիւնները պէտք է գիտակից ըլլան, որ բնիկ հասարակութիւնները, մաս կը կազմեն ժողովուրդներու  խաւին ու հարկաւոր է զանոնք արժէքաւորել ու անոնց հետ բանակցիլ ինչպէս նաեւ թոյլատրել իրենց ամբողջական մասնակցութիւնը՝ ըլլայ տեղական ըլլայ ազգային գետնի վրայ։

Այս ուղղութեամբ Նորին Սրբութիւնը կարեւոր նկատեց '' IFAD'' ի ներդրումը,  ապա ճառը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու անոնց վրայ հայցելով Ամենակալին օրհնութիւնները,  որպէսզի լուսաւորէ իրենց հասարակութիւնները ու գործերն անոնց որոնք  ''IFAD''-ի 'կառավարումի պատասխանատուութիւնը ստանձնած։








All the contents on this site are copyrighted ©.