2017-02-15 12:37:00

Տաթեւի մէջ կատարուած է 25 նորապսակներու օրհնութեան կարգ


 «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի նախաձեռնութեամբ երրորդ տարին ըլլալով Տաթեւ համայնքին մէջ Տէառնընդառաջի տօնը առանձնայատուկ կերպով նշուած է:

Փետրուար 14-ին Տաթեւի վանքին մէջ, վանահայր Միքայէլ վարդապետ Գէորգեանի ձեռամբ, կատարուած է աւելի քան 25 նորապսակներու օրհնութեան կարգ, որուն յաջորդած է տօնական հիւրասիրութիւն, երգ ու պար, կը հաղորդէ «Մետիամաքս»-ը:

«Նման նախաձեռնութիւնները կը մտերմացնեն նորաստեղծ ընտանիքները, իսկ Տաթեւի բնակիչները իրենց աւելի ներգրաւուած կը զգան համայնքային կեանքին»,- ըսած է Հայր Միքայէլը: Անոր խօսքով, այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը նպաստեն եկեղեցւոյ շուրջ համախմբման, հոգեւոր կեանքի զարթօնքին եւ ազգային աւանդոյթներու պահպանման:

«Տաթեւի վերածնունդ» ծրագրի ղեկավար Հայկ Թութունջեան նշած է, որ տօնական միջոցառումները նպատակ կը հետապնդեն ոչ միայն համախմբելու երիտասարդ զոյգերը, այլեւ տօներու միջոցով զբօսաշրջային ոչ աշխոյժ շրջանին մէջ նպաստելու համայնքային կեանքի աշխուժացման Տաթեւի տարածաշրջանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.