2017-02-15 10:17:00

Երեք հայ ընտանիքներ վերադարձած են Մուսուլ քաղաք


(Ռատիօ Վատիկան) Առաջին Քրիտոնեայ ընտանիքները  վերադարձած են Մոսուլ քաղաք։ Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը յայտնած է , թէ Մոսուլի մէջ  ժիհատիսթներու կողմէ բռնագրաւուած ապա Իրաքի  բանակին կողմէ ազատագրուած շրջաններուն մէջ արդէն իրենց բնակարանները  վերադարձած են երեք քրիստոնեայ ընտանիքներ։

Ահաբեկչական խմբաւորումմերու  տակ գտնուող ազատագրուած շրջաններուն մէջ վերադարձած են երեք հայ ընտանիքներ,  հակառակ որ շրջանը տակաւին  անապաով վիճակի մէջ է։

Յայտնենք, թէ ժիհատիսթները Մոսուլ քաղաքը իրենց հակակշիռին տակ առած էին 2014-ին, այնուհետեւ  քաղաքի բոլոր քրիստոնեաները  թողելով իրենց բնակարանները  ապաստան  գտած էին Նինւէ եւ Քիրքուք քաղաքներուն  ու յատկապէս էրպիլի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.