2017-02-15 08:33:00

Գերապայծառ Աուզայի կոչը դադրեցնելու զէնքերու ապօրէն վաճառքը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՄԱԿի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ՝ Արքեպիսկոպոս Պերնարտիթօ Աուզա, Նիւ Եորքի մէջ, մատնանշելով «հատուածաբար կատարուած համաշխարհային պատերազմը», կոչ ուղղած է որ դադրեցուի զէնքերու ապօրէն վաճառքը եւ ահաբեկիչներու տրուած նիւթական օգնութիւնը։ Ան խնդրած է, որ միջազգային հասարակութիւնը միասնաբար ճիգ թափէ վերջ դնելու ահաբեկչութեան ալիքին, որ կը գործածէ «անմեղ քաղաքացիներ իբր թիրախ՝ քանդելով գոյատեւելու հարկաւոր ենթակառոյցները», ինչպէս՝ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, ջուրի մատակարարումներ եւ պաշտամունքի վայրեր։

Գերապայծառ Աուզա մասնաւոր ուշադրութիւն դարձուցած է Միջագետքի տարածքին, ուր հազարամեայ կրօնական, մշակութային եւ քաղաքակրթական արժէքներ կրկնակի կերպով յարձակումի ենթարկուած են։ Ան նկատած է, թէ «միջազգային հասարակութեան պարտականութիւնն է, այս բարբարոսութեան դէմ  պաշտպանել քաղաքացիները եւ անոնց գոյութեան հարկաւոր ենթակառոյցները»։ Ասոր համար ան առաջարկած է, թէ պէտք է մերժել այնպիսի քաղաքականութիւններ, որոնք հիմնուած են միայն շահի եւ եսապաշտ աշխարհաքաղաքական հետաքրքրութիւններու որոնումի վրայ։

Վատիկանի պատուիրակութիւնը կրկնած է Սուրբ Աթոռի կոչը՝ զէնք արտադրող երկիրներուն, որ սահմանափակեն եւ հսկողութեան տակ պահեն զինամթերքի եւ ճարտարարուեստական այլ միջոցներու արտադրութիւնը եւ վաճառքը, յատկապէս աշխարհի նուազ կայուն տարածքներուն մէջ, ուր կ՛ենթադրուի այդպիսի միջոցներու ստոյգ գործածութեան հաւանականութիւնը։

Արքեպիսկոպոսը խնդրած է բոլորէն, որ համագործակցին տեղական եւ միջազգային մակարդակի վրայ, բաժնեկցելով տեղեկութիւններ, լաւ միջոցառումներ, համադրուած քաղաքականութիւններ եւ սահմաններու հսկողութիւն՝ կասեցնելու նիւթական օգնութիւնը, որ կը հասնի կազմակերպուած ոճրագործութեան, որ իր դերը ունի զէնքերու վաճառքի մէջ։

Վերջապէս, Գերապայծառ Աուզա նկատած է, թէ «Ահաբեկիչներու խմբակցութիւններուն աշխարհագրական յստակ սահմաններ չունենալու պարագան, կը պահանջէ միասնական հսկողութիւն հաղորդակցութեան միջոցներու վրայ, որոնք կը գործածուին զինուորագրելու կռուողներ, նիւթապէս հովանաւորելու անոնց գործունէութիւնը եւ համակարգելու ահաբեկչական յարձակումները»։








All the contents on this site are copyrighted ©.