2017-02-14 09:48:00

Վատիկանեան աշխարհին հայող զանազան տեղեկութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 15 փետրուար 2016ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի կ՛ունենայ Մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացումը կը կատարուի ''Տնտեսութիւն եւ Ընկերութիւն'' բնաբանով “Centesimus Annus – Pro Pontifice” հիմնարկի միջազգային մրցանակին, որուն նպատակն է զարգացնել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ճանաչումը։

Մամլոյ ասուլիսին ելողթ կ՛ունենան Կարդինալ Ռէյնարտ Մարրքսը եւ վերոնշեալ հիմնարկի նախագահ Տոմինկօ Սուկրանիէս Պիքել։

Նոյն օրը երեկոյեան 9-ին Իտալիոյ Փերուճա քաղաքի Սան Լորենցօ Պազիլիքայի ներքոյ, Կարդինալ Լորենցօ Պալտիսսերին` Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը, ներկայացումը կը կատարէ յառաջիկայ տարուայ մէջ նշուելիք ''Երիտասարդներ ու հաւատք` զատորոշում եւ կոչում'' նիւթին մասին Եպիսկոպոսական ընդհանուր սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթին։

Իսկ այսօր 14 Փետրուարի  յետմիջօրէին` Սուրբ Աթոռի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան մէջ, ի ներկայութեան Իտալիոյ Հանրապետութեան քաղաքական ու Վատիկանի եկեղեցական բարձրաստիճան իշխանութիւններուն տեղի կ՛ունենայ ''Լատերանեան Դաշնագիրի'' ստորագրութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը որուն կը յաջորդէ նաեւ համերգ մը` Սիքստինեան Մատրան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.