2017-02-13 13:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 փետրուարի քարոզը. ''կասեցնել ատելութեան զգացումները''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 13 փետրուարին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուեց Սուրբ Պատարագի զոհը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ինը կարդինալներու խորհուրդի անդամները ու նոր անուանուած ժողովրդապետ քահանաներ։

Սրբազան Հայրը սուրբ զոհը  նուիրեց  հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս-ին , որ 2008 -2016 տարիներուն եղած է Յիսուսեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր եւ որ մի քանի օրէն առաքելութեամբ  պիտի մեկնի Արեւելք։

Այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ.  որ ընտանիքներու եւ ժողովուրդներուն քայքայումի պատճառները,  սկիզբ կ՝առնեն յաճախ փոքրիկ բաներէն,  նախանձի հետեւանքով  եւ ասոր համար է որ պէտք անմիջապէս կասեցնել  ատելութեան զգացումները, որոնք պատճառ կը դառնան եղբայրական կապերու քայքայման։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ որ կը խօսի Կայէնի մասին որ սպանեց իր եղբայրը  Աբէլը։

Կայէն ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը սպանեց իր եղաբրը մղուած նախանձի բնազդէն. Ան   իր  մէջ աճեցուց եւ մեծցուց ատելութեան զգացումը որ զինք մղեց ոճիրը գործելու։ Ահա այսպէս   է որ  մեր մէջ  եւս կ՝աճի  թշնամութեան հոգին – յարեց Սրբազան Քահանայապետը. Ան սկիզբ կ՛առնէ փոքրիկ բաներէ,   նախանձութեան արարքէ մը  եւ պատճառ կը դառնայ եղբայրական կապերու քայքայման։

Կամաց կամաց այդ չարը կ՝աճի ու անոր հետ կաճի թշնամութիւնը,   եւ ես կը հեռանամ եղբայրէս  ու ան ինծի համար կը դառնայ թշնամի որ պէտք է վտարուի եւ որուն դէմ պայքար մղելու եմ...այսպէս է որ կը կործանուին հասարակուիուններ ու ընտանիքներ, եւ ժողովուրդներ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ վրէժխնդրութիւնը քրիստոնէական չէ։

Ան ապա խօսքը ուղղելով նոր նշանակուած ժողովրդապետներուն, յիշել տուաւ թէ այս մէկը  կը պատահի նաեւ կղերական հասարակութիւններու մէջ  ուր շատ անգամ վէճեր կը ծագին փոքրիկ բաներու համար որոնք պատճառ կը դառնան եղբայրական կապերու խզումին ու այս առընչութեամբ հաստատեց թէ  եղբայրի մը դէմ ատելութեան զգացումը համազօր է սպանութեան , դուն զայն կը սպննես սրտիդ մէջ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու քարոզը աւարտեց հրաւիրելով Տիրոջ աղօթք բարձրացնել ու անորմէ հայցել, որ մեզի օգնէ  կրկնելու ՝՝ու՞ր է քու եղբայրդ'' հարցումը, մտաբերելու բոլոր այն անձերը , որոնք ''լեզուի միջոցաւ կը քանդենք'', ու  բոլոր այն անձերը որոնք աշխարհի մէջ նկատուած են որպէս իրեր ե ոչ թէ որպէս եղբայրներ, որովհետեւ շատ անգամ աւելի կարեւոր  կը նկատենք  շերտ մը հողը,  քան թէ եղբայրական կապերը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.