2017-02-13 11:17:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ կատարած առաքելական ճամբորդութեան տարեդարձը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Պապի Մեքսիքօ տուած այցելութենէն մէկ տարի ետք, Մեքսիքոյի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հաղորդագրութեամբ մը երախտագիտութիւն յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին նշելով, թէ Անոր աղօթքները, ժեսթերը ու ճամբորդութեան յիշատակներն Մեքսիքացի ժողովուրդին սրտի եւ յիշողութեան մէջ տակաւին կենդանի են։

Մեքիքացի եպիսկոպոսներուն հաղորգագրութեան մէջ նշուած  նաեւ ,  թէ Ֆրանչիսկոս Պապի սիրոյ եւ յոյսի պատգամները  մխիթարութիւն եւ քաջութիւն ներշնչած են  բովանդակ մեքսիքացի ժողովուրւդին։ Ան  մօտիկութիւն ցուցաբերելով եւ  իր ունեցած զօրաւոր    հաւատքով  յիշեցուց , թէ  ՝՝լոկ ՝ Քրիստոսի սեւեռելով մեր հայեացքը,  կրնանք մեր ժողովուրդին միութիւնը կերտել'',  գրած են Մեքսիքոյի եպիսկոպոսները ու նշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապի  Մեքսիքօ կատարած այցելութեան երախտապարտութեան զգացումները պիտի արտայայտեն  բարի գործեր կատարելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.