2017-02-13 09:08:00

Սուրիոյ նախագահը իր տիկնոջ հետ դիմաւորած է ազատագրուած տասնեակ կիներ եւ երեխաներ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատը եւ իր Տիկինը, Փետրուար 10-ին, նախագահական պալատէն ներս դիմաւորած են ազատագրուած տասնեակ կիներ եւ երեխաներ, որոնք աւելի քան 3.5 տարիէ ի վեր Լաթաքիոյ գիւղերէն առեւանգուած էին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ։ Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Գանձասար» թերթը։

«Երկար ժամանակ այս պահը սպասեցինք… Երեք տարի շարունակ մարդիկ ամէն օր կը հարցնէին ձեր մասին, իսկ պետութիւնը իր բոլոր կառոյցներով ձեզ կը փնտռէր… Իւրաքանչիւր զինուորի, նահատակի փափաքն էր վերադարձած տեսնել ձեզ»,- անոնց բարի գալուստ մաղթելով ըսած է Նախագահը։

Ան յորդորած է, որ անոնք բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ վերադառնան իրենց գիւղերն ու քաղաքները եւ դիմադրութեան ու հայրենասիրութեան իրենց օրինակով կառչած մնան իրենց հայրենիքին, հաւատքին, ժողովուրդին՝ շեշտելով՝ «Մենք միշտ ձեր կողքին ենք ու պիտի չլքենք ձեզ»։

Իր կարգին, Առաջին Տիկին Ասմա ալ Ասատ յայտնած է, թէ առեւանգեալներուն ցուցաբերած կամքի ուժը առաւել եւս պիտի զօրանայ ու ի սպաս դրուի իրենց կեանքի վերակարգաւորման եւ երեխաներուն կորսուած մանկութեան, անոնց կրթութեան կորսուած տարիներու փոխհատուցմամբ, մանաւանդ որ անոնք մանկութեան իրենց վերջին տարիները ապրեցան առեւանգումի սարսափին ազդեցութեան տակ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.