2017-02-13 14:05:00

Ինը Կարդինալներու Խորհուրդը անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 13 փետրուար 2017-ին սկիզբ առած Ինը կարդինալներու ԺԸ նիստի ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկած է խորհուրդը համակարգող կարդինալը` Անտրէս Ռոտրիկէս Մարատիական որ, յանուն կարդինալական խորհուրդին, խօսքը ուղղելով Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւն յայտնած է անոր` անցեալ 22 դեկտեմբեր 2016-ին Հռոմի Քուրիայի հետ հանդիպման առթիւ ուղղած ճառին համար որ եղած է նաեւ քաջալերանքի մաղթանք Կարդինալական Խորհուրդի գործունէութեան։ Այս կը կարդան Ինը կարդինալներու խորհուրդի հրապարակած յայտարարութեան մէջ որուն մէջ նշուած է նաեւ թէ ''վերջին իրադարձութիւններու առընչութեամբ, կարդինալական խորհուրդը իր անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ Սրբազան Քահանայապետի գործունէութեան, միեւնոյն ատեն անոր ապահովեցնելով  թիկունք` ըլլայ անոր անձին ըլլայ անոր ուսուցումին նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.