Ս. Սարգիս զօրավարը իր որդին` Մարտիրոսի եւ 14 քաջ մարտիկներուն հետ նահատակուած է յանուն քրիստոնէական հաւատքի:Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Հայրապետի բարձր տնօրինութեամբ այն հռչակուած է երիտասարդներու օրհնութեան օր:
Ս. Սարգիսի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, աղօթքով, այլեւ ժողովրդական սովորոյթներով, որ մեզի համար նուիրական աւանդոյթ է: Ս. Սարգիսը երիտասարդներու արագահաս բարեխօսն է: Անոր միջնորդութեամբ հրաշքներ տեղի կ´ունենան: Այդ օրը երիտասարդները կ´աղօթեն Սուրբին, որ իրենց աղօթքները հասցնէ առ Աստուած: Ս. Սարգիսը սիրոյ երազանքը իրականացնող Սուրբ է:
Ժողովրդական սովորութիւններէն է նաեւ Ս. Սարգիսի տօնին նախորդող գիշերը երիտասարդներու`աղի բլիթ ուտելը, որուն հետ անոնք կը կապեն իրենց փեսացուի կամ հարսնցուի երազայայտնութիւնը:
Այդ օրը յիշատակելի սովորութիւններէն է փոխինդով մատուցարանը դնել տան տանիքին կամ պատշգամին եւ սպասել Ս. Սարգիս զօրավարի ձիու պայտի հետքին: Ըստ աւանդոյթին` Ս. Սարգիսը պէտք է հրեշտակներու ուղեկցութեամբ անցնի եւ որուն մատուցարանին մէջ դրուած ալիւրի կամ փոխինդի մէջ ձգէ իր սպիտակ (մաքրութիւն, անաղարտութիւն կը խորհրդանշէ) ձիու պայտի հետքը, այդ տարի կ’իրականանայ երիտասարդին երազանքը: Սիրահարուած երիտասարդները տօնին առթիւ իրարու բացիկներ եւ քաղցրաւենիք կը նուիրեն:
Սբ Սարգիս զօրավարի տօնին առթիւ կազմակերպուող ձեռնարկներու ժամանակացոյցին կրնաք ծանօթանալ այստեղ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |