2017-02-10 10:15:00

Շատիվանքը կործանման եզրին կը գտնուի. մշակոյթի նախարարութիւնը կ՝արձագանգէ


Վայոց Ձորի մէջ գտնուող Շատիվանքի վանական համալիրը կը գտնուի կործանման եզրին։ Ուխտագնացութեան վայր համարուող այս յուշարձանին ծածկի սալաքարերը թափուած են ու խախտած, տանիքի առանձին մասեր ալ դարձած են վտանգաւոր, փլուզուած է բրգաձեւ պարիսպին մէկ հատուածը:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ Շատին համայնքի ղեկավար Տիգրան Խուտոյեան վստահեցուցած է, որ նշեալ խնդիրով դիմած են պատկան մարմիններուն, բայց ոչ մէկ արձագանգ: «Պատմական այս յուշարձանը, որ նաեւ բացառիկ է իր կառուցուածքով, կը քայքայուի եւ կը կորսնցնէ իր բովանդակային մասը»,- ըսած է համայնքի ղեկավարը:

ՀՀ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Արեւ Սամուէլեան, իր հերթին, տեղեկացուցած է, որ 2009 թուականին իրականացած է Շատիվանք վանական համալիրի կարգաւորում, եւ նշեալ յուշարձանը կը գտնուի ոլորտի պատասխանատու գերատեսչութեան ուշադրութեան կեդրոնին: «ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը կ՝իրականացնէ պատմամշակութային յուշարձաններու ամենամեայ կարգաւորում, որուն իբրեւ արդիւնք՝ կը ձեւաւորուի առաւել վտանգուած եւ արժէքաւոր յուշարձաններու ցանկ: Պետական պիւտճէի յատկացումներու հաշուին՝ 2017-2019 միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրով՝ 2018-ին նախատեսուած է գումար յուշարձանի վերականգնման գիտանախագծային փաստաթուղթերու մշակման համար»,- ըսած է ան:

Նախարարի տեղակալը ցաւով արձանագրած է, որ պիւտճէի յատկացումները քիչ են, եւ անգամ մեծ ցանկութեան պարագային՝ հնարաւոր չէ անդրադառնալ բոլոր յուշարձանները մասնակի փլուզումէ փրկելու խնդիրին: «Անոնք կրնան իրականացուիլ միայն երկարաժամկէտ ծրագիրներու իբրեւ արդիւնք, չնայած հնարաւորութեան պարագային՝ անպայմանօրէն պիտի անդրադառնանք այս յուշարձանին»,- վստահեցուցած է Արեւ Սամուէլեան:

Նշենք, որ Շատիվանքը կը գտնուի Շատին գիւղէն 4 քմ արեւելք` ձորամիջի բարձրադիր գոգաւորութեան վրայ: Ստ. Օրբէլեանի վկայութեան համաձա յն` անիկա կառուցուած է 929թ. Բագրատունի Աբաս Ա թագաւորի գահակալութեան շրջանին: Բաղկացած է եկեղեցիէն եւ վանական միաբանութեան բնակելի ու այլ շինութիւններէ:

 1671-1674 ընթացքին եկեղեցին վերակառուցուած է ջուղայեցի գրասէր վաճառական Մահտեսի Յակոբի ջանքերով: Եռանաւ բազիլիկ եկեղեցի է` իր բոլոր յատկանշական կառոյցներով: Ունի երեք մուտք, 8 լուսամուտ: Եկեղեցւոյ արեւմտեան մասին պահպանուած են գաւիթի հետքեր: Պատերուն մէջ՝ վերանորոգումներու ժամանակ՝ օգտագործած են հին շէնքի սրբատաշ քարեր, խաչքարեր, ներսէն` փոքր, անտաշ քարեր: Խորանը ժամանակին սուաղուած է եւ վրան որմնանկարներ եղած են: Որմնանկարներէն մէկուն նկարին մէկ մասը պահպանուած է: Վանքի ընդարձակ բակը՝ տեղ-տեղ շրջապատուած է բրգաձեւ պարիսպով, որուն հարաւային հատուածին պահպանուած են վանական համալիրի օժանդակ շէնքեր: 35 բնակելի եւ այլ երկյարկ շէնքեր տարածուած են հարաւային պարիսպի ողջ երկայնքով: Պարիսպէն դուրս կը գտնուին իր կառուցման ինքնատիպութեամբ ուշադրութիւն գրաւող ջրաղացի աւերակները: Շատինի վանքը Վայոց Ձորի երկարատեւ կեանք ունեցող վանքերէն է: 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.