2017-02-10 09:41:00

Լոյս կը տեսնէ Յիսուսեաններու ''La Civiltà Cattolica'' պարբերաթերթի թիւ 4000 հատորը։


(Ռատիօ Վատիկան) 11 փետրուար 2017-ին լոյս կը տեսնէ Յիսուսեան միաբանութեան պատկան La Civiltà Cattolica-ի թիւ 4000 հատորը։

Վերոնշեալ մշակութային ամենահին պարբերաթերթը այս հանգրուանը կը նշէ  յոբելենական յատուկ հրատարակութեամբ որուն մէջ պարունակուած է նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ձեռագիր շնորհաւորագիրը։ 

Յիսուսեաններու այս պարբերաթերթը ծնունդ առած է 1850-ի ապրիլ 5-ին։ Թիւ 4000 հատորի հրատարակութեան առթիւ La Civiltà Cattolica-ի խմբագրական անձնակազմը (որ ընդհանրապէս կազմուած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամներէ) 9 փետրատուին առիթը ունեցաւ  յատուկ ունկնդրութեան մը ընթացքին հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին։

Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ այլ Քահանայապետեր եւս` պարբերաթերթի թիւ հազար, երկու հազար, եւ երեք հազար հատորներու հրատարակութեան առթիւ ընդունած են ''La Civiltà Cattolica-ի'' անձնակազմը, Պիոս ԺԱ, Լեւոն ԺԳ եւ Պօղոս Զ մինչ 12 այլ Քահանայապետեր պատգամներ ուղարկած են ու ճառեր արտասանած են պարբերաթերթի խմբագրութեան որոնք լոյս պիտի տեսնեն ''Ռիցցոլի'' հրատարակչատան հրատարակելիք  ''քաջութիւնն ու համարձակութիւնը։ Պիոս Թ մինչեւ Ֆրանչիսկոս'' վերտառութեամբ հատորին մէջ։

2013-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը La Civiltà Cattolica-ի լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին անոնց առաքելութիւնը ամփոփած էր երեք բանալի բառերու մէջ. Երկխօսութիւն, զատորոշում եւ սահման''։








All the contents on this site are copyrighted ©.