2017-02-09 10:47:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը ''La Civiltà Cattolica'' պարբերականի խմբագրական կազմին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 9 փետրուար 2017-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ նախ ընդունեց Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր  Աբբահայրը` Հայր Արթուրօ Սոզա Ապասքալը, ընկերակցութեամբ յիսուսեան միաբանութեան պատկան '' La Civiltà Cattolica''  - Կաթողիկէ քաղաքակրթութիւնը- պարբերաթերթի տնօրէն` Հայր Անթոնիօ Սփատարոյին, ապա Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց "La Civiltà Cattolica" պարբերաթերթի խմբագրական կազմի 60 անդամներուն։

Անոնց արտասանած երկարաշունչ ճառին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութիւն յայտնեց զանոնք ընդունելուն համար պարբերաթերթի թիւ 4000-ի հրատարակութեան առթիւ, որ ''բացառիկ հանգրուան մը կը ներկայացնէ պարբերաթերթի ժամանակներու հոլովոյթին կատարած 167 տարիներու ճանապարհորդութեան ընթացքին, որ կը շարունակէ նաւարկել բաց ծովուն մէջ'' ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով թէ ''Կաթողիկէն պէտք չէ վախ ունենայ բաց ծովէն, պէտք չէ փնտռէ ապահով նաւահանգիստներ'', յատկապէս  Յիսուսեանները` պէտք է խուսափին ապահովութիւններու եւ վստահութիւններու կառչելէ, որովհետեւ ''Տէրը մեզ կը կոչէ դուրս ելլելու առաքելութեամբ, երթալու բացերը...հակառակ փոթորիկներուն ու հակահոսանք քամիին, այն գիտակցութեամբ թէ այս սուրբ ճանապարհորդութեան մեզի կ՛ընկերանայ Յիսուս` որ իրենիններուն կ՛ըսէ ''քաջութիւն ես եմ մի վախնաք''։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա նշեց պարբերաթերթի 167 տարուայ պատմութեան հանգրուանները` Պիոս Թ քահանայապետէն մինչեւ Պենետիկտոս ԺԶ, որոնք հանդիպելով պարբերաթերթի խմբագրութեան յաճախակի հաստատեցին անոր անդամակցութիւնը Պետրոսի Նաւակին։

''Այս ձեր կապը Քահանայապետին հետ եղած է միշտ ձեր պարբերաթերթի իւրայատկութիւնը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ անոնք ''կը գտնուին Պետրոսի նաւակին վրայ։ Այդ նաւը պատմութեան հոլովոյթին - երէկ ինչպէս այսօր -  կարող է տարուբերուիլ ալիքներէն, կարող է նաեւ որ թիավարողները հակառակ ուղղութեամբ մղեն զայն'' սակայն Չիվիլթա Քաթթոլիքայի անդամները ըլլալու են ''համարձակ ու փորձառու թիավարներ'' (Պիոս ԺԲ – ''Sollicitudo omnium Ecclesiarum'' հրամանագիր)։

''Թիավարեցէքուրեմն ու եղէք քաջ` նոյնիսկ փոթորիկի մէջ։ Թիավարեցէք ի սպաս եկեղեցւոյ ծառայութեան։ Թիավարենք միասին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կրկնելով Յովհանէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետին 19 Յունուար 1990-ին արտասանած խօսքերը ապա անդրադարձ կատարեց Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքայի Քահանայապետին գործունէութեան ցուցաբերած յատուկ ուշադրութեան ու Քահանայապետի հետ ունեցած փոխադարձ սերտ կապին, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց տածած աշխատանքին համար­ հուսկ յատուկէն ակնարկեց պարբերաթերթի թիւ 4000 հրատարակութեան ու անոր 167 տարուայ առաքելութեան, սկսեալ Պիոս Թ քահանայապետէն որ 1866-ին հիմնեց ու վաւերացուց ''La Civiltà Cattolica'' պարբերաթերթն ու կանոնագիրքը, յատուկէն մատնանշելով ներկայ աշխարհի իրականութեան մէջ անոր վերապահուած առաքելութեան որպէս աշխարհի դիմաց բաց պարբերաթերթ, միաժամանակ կամուրջ ու սահման հանդիսանալով։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ներկաներուն առաջարկեց խոկալ երեք տիպար անձնաւորութիւններու մասին։

Մեկնելով ''հարցասիրութենէն'' որ պէտք է ըլլայ ամէն մէկ Յիսուսեանի յատկանիշը` ունենալ ''հարցասէր'' միտք ու սիրտ, մինչ հաւատքը հանդիսանալու է  ''որոնումի'' շարժիչ ուժը, Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ  Սուրբ Փիեթրօ Ֆավրի մասին (1506-1546) որ եղած է համամիութեան ռահվիրայ ու ջանացած է միշտ հետաքրքրական աչքով դիտել իրականութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ ''թերիութեան'' մասին յորդորելով ունենալ  ''ոչ ամբողջական'' հայեցակէտ մը,  այսինքն ըլլալ բաց ու հլու Աւետարանի մարգարէական հոգիին դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրներն ու աշխարհի դիմաց ծառացած տագնապները,  այս առընչութեամբ ներկայացնելով որպէս տիպար` Աստուծոյ Ծառայ Հայր Մաթթէօ Ռիչին  (1522-1610) որ եղաւ Չինաստանի ու այլ երկիներու առաքեալը։

Երրորդ բառը որ հանդիսացաւ Քահանայապետի ճառին կարեւոր կէտերէն մին եղաւ ''երեւակայութիւնը''։  Այն որ երեւակայութիւն ունի կարծր չէ, զուարճախօս է, եւ կը վայելէ ողորմութեան քաղցրութիւնը ու ներքին ազատութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ներկաներուն որպէս տիպար առաջարկելով Յիսուսեան եղբայր Անտրէա Բոցցոն (1642-1709)։

Երկարաշունչ ճարին աւարտին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ Եկեղեցին վերագտնելու է իր հանճարեղութիւնը ու հասկնալու է այսօրուայ մարդուն պահանջները։ ''Հանճար մը որ սեւ ու ճերմակ չէ միայն այլ` գունաւոր'', ապա մաղթանք յայտնեց որ La Civiltà Cattolicaն միշտ աւելիով տարածուի, մինչ Յիսուսեան միաբանութիւնը միշտ թիկունք կանգնի այս թանկարժէք ու հինաւուրց գործունէութեան որ բացառիկ ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրբ Աթոռին, անոր տրամադրելով լաւ պատրաստուած խմբագիրներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն իրենց տուած վկայութեան համար ապա զանոնք յանձնեց Աստուածամօր ու Սուրբ Յովսէփի հովանիին, անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.