2017-02-09 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի համագումար նիստին մասնակցողները։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 9 յունուարի առաւօտեան, Սուրբ Աթոռի Կաթողիկէ Դաստիարակութեան Ժողովի համագումար նիստին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը տուաւ  համագումարի մասնակիցներուն։

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց տարած աշխատանքին համար, որուն արդիւնքը ամփոփուած է Sapientia Christiana Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ։ Անոնց աշխատանքը կը տարածուի նաեւ համալսարաններու հովուականի, ուսուցիչներու մնայուն կազմաւորման եւ կանոնագիտական ուսումներու խթանման վրայ, նկատի առնելով ամուսնալուծման դատերու բարենորոգումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ երեք կէտերու մէջ բացայայտեց իր պատգամը, նախ շեշտելով, թէ պէտք է մարդկայնացնել դաստիարակութիւնը։ Համալսարաններու պարտականութիւնն է անհատի կազմաւորումը։ Անոնք իրենց ծառայութիւնը կը մատուցանեն համապարփակ մարդկայնականութեան մը։ Իսկ Եկեղեցին, իբր մայր եւ դաստիարակ, միշտ հոգ կը տանի, որ նոր սերունդները կազմաւորուին պատշաճ կերպով։

Դաստիարակութեան եւ կազմաւորումի մաս կը կազմէ երկխօսութեան մշակոյթի զարգացումը։ Նկատի առնելով համաշխարհայնակացումը կը տեսնենք թէ աշխարհի մէջ շատ մը զարգացումներ առընչուած են իրարու։ Բռնութիւն, աղքատութիւն, չարաշահում, խտրականութիւն, լուսանցքայնացում, ազատութեան սահմանափակում կը ստեղծեն վատնումի մշակոյթ մը։ Այս համոյթին մէջ, կաթողիկէ ուսումնական հաստատութիւնները պէտք է մասնակցին երկխօսութեան զարգացումի աշխատանքին, որովհետեւ երկխօսութիւնը կ՛արժեւորէ մշակոյթներու եւ կրօնքներու բազմազանութիւնը։

Վերջապէս, նկատեց Սրբազան Հայրը, դաստիարակութիւնը պէտք է նպաստէ յոյսի սերմանումին։ Մարդ առանց յոյսի չի կրնար ապրիլ, իսկ դաստիարակութիւնը յոյս կը ծնի։

Պատգամի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ “Ձեր վրայ կը հայցեմ Սուրբ Հոգին, Մարիամի՝ Իմաստութեան Աթոռի բարեխօսութեամբ, որ ձեր դաստիարակութեան ի նպաստ տարած ծառայութիւնը ըլլայ արդիւնաբեր։”








All the contents on this site are copyrighted ©.