2017-02-09 09:11:00

10-13 Փետրուար Հիւանդի միջազգային 25-րդ օրուան նշումը Լուրտի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հիւանդի միջազգային 25-րդ օրուան առթիւ, որուն պաշտօնական նշումը պիտի կատարուի Լուրտի մէջ, 10-13 փետրուար 2017-ին տեղի կ՛ունենայ  ''Մեծացուսցէն յոյսի օրհներգ'' բնաբանով կլոր սեղան որուն բացումը կը կատարէ 10 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 2,30-ին Լուրտի Եպիսկոպոսը` գերապայծառ Նիքոլա Պրուէն եւ Ֆրանչիսկոս Պապէն նշանակուած յատուկ պատուիրակը` Վատիկանի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ինչպէս նաեւ` ''Մարդկային ամբողջական զարգացման ծառայութեան'' ժողովի  նախագահ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն։

Վերոնշեալ ձեռնարկի ընթացին ելոյթ կ՛ունենայ Լուրտի ''բժշկական հետազօտութիւններու գրասենեակի'' տնօրէն Տիար Ալեսսանտրօ Տէ Ֆրանչիսկոս։

Շաբաթ 11 փետրուարին հիւանդներու համաշխարհային 25-րդ օրուան առթիւ, Կարդինալ Փարոլինը` Սուրբ Պիոս Ժ պազիլիքայի մէջ կը գլխաւորէ միջազգային Սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Մարեմեան Աղօթք, մինչ յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Վատիկանի Պետքարտուղարը Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդ արարողութեան ընթացքին կը ներկայացնէ  մէկ խորհրդածութիւն մը։

Կիրակի 12 փետրուարի առաւօտեան 8-ին ՝Մարդկային ամբողջական զարգացման ծառայութեան’' ժողովի նախագահը կարդինալ Թուրքսոն կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն կը յաջորդեն երկու բանախօսութիւններ. առաջինը ''Եկեղեցին ողորմութեան Մայր'' բնաբանով որ կը ներկայացնէ Քիեթի Վասթօ թեմին առաջնորդը գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէ  եւ երկրորդը ''հիւանդներուն ըսէք թէ մօտ է երկնքի արքայութիւնը'' որ կը ներկայացնէ Ռէն Տոլ Սէն Մալօ թեմին արքեպիսկոպոսը գերապայծառ Փիթր Տ՛ Օրնելլա։








All the contents on this site are copyrighted ©.