2017-02-08 13:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին մարդավաճառութեան արարքի դէմ թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի միջազգային օրուան առթիւ, հաստատուած ''Թալիթա Քում'' մարդավաճառութեան դէմ կրօնաւորական կեանքի միջազգային ցանի կողմէ,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ դատապարտեց մարդավաճառութեան արարքը, հաստատելով թէ անոնք որոնք կը սատարեն այդ արարքի իրագործումին պատասխանատու են Աստուծոյ առջեւ, ապա հրաւիրեց բոլորը աղօթելու այդ մարդոց սրտի դարձին համար։

''Ան որ կը նպաստէ մարդավաճառութեան Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու է։ Աղօթենք սրտերու դարձին համար  @M_Rsezione'' գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.