2017-02-08 11:04:00

Լափշինը արտայանձնեցին Ատրպէյճանին


Պելառուսիան՝ Արցախ այցելելու համար յայտնի լրագրող Ալեքսանդր Լափշինը արդէն արտայանձնած է Ատրպէյճանին: Այս մասին, ըստ Armtimes.com-ի, կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովըսթի»-ն` յղում կատարելով Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան մամուլի խօսնակ Էլտար Սուլթանովին:

Յայտնի լրագրողը արդեն Պաքուի մէջ ու օդակայանին մէջ անոր ուղեկցած են դատախազութեան աշխատակիցները:

Յիշեցնենք, որ Պելառուսիոյ Գերագոյն դատարանը, երէկ կայացած դռնփակ նիստով, օրինական համարած է լրագրող Ալեքսանդր Լափշինը Ատրպէյճանին արտայանձնելու մասին երկրի գլխաւոր դատախազութեան կողմէն Յունուար 20-ին կայացուած որոշումը:

2011-ի Ապրիլին եւ 2012-ի Հոկտեմբերին Ալեքսանդր Լափշինը այցելած է Արցախ, իսկ անցնող տարուան Ապրիլ 9-ին` քառօրեայ պատերազմէն ետք, իր http//puerrtto.livejournal.com կայքին միջոցով ծաղրած է Արցախը գրաւելու Պաքուի փորձերը: Ան, իր այցելած 122 երկիրներու շարքին, իբրեւ անկախ պետութիւն՝ կայքին մէջ նշած է նաեւ Արցախը: Այս բոլորին համար, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան Ծանր յանցագործութիւններու հարցերով քննչական կոմիտէն անոր նկատմամբ յարուցած է քրէական գործ՝ քրէական օրէնսգրքի 281.2 (պետութեան դէմ ուղղուած հրապարակային կոչեր հնչեցնելը) եւ 318.2 յօդուածներով (Ատրպէյճանի պետական սահմաններու անօրինական հատում):

Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան դիմումին հիման վրայ՝ Ալեքսանդր Լափշինը 2016 Դեկտեմբեր 15-ին, Մինսկի մէջ ձերբակալուած էր: Ատրպէյճանական կողմը կը պահանջէր անոր արտայանձնումը Պաքուին: Պելառուսիոյ գլխաւոր դատախազութիւնը Յունուար 20-ին զինք Ատրպէյճանին արտայանձնելու որոշում կայացուցած էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.