2017-02-07 10:06:00

Հայաստան շուրջ 45 միլիոն տոլարի մարդասիրական օժանդակութիւն կը ստանայ


Ըստ Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէին կողմէ տրամադրուած բեռնամաքսային յայտարարագիրներու տուեալներուն՝ 2016ի Յունուարէն Դեկտեմբեր, իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն, Հայաստան ներածուած է 7,631,200 թոն ապրանք, որուն արժէքը կազմած է շուրջ 21.5 միլիառ դրամ կամ 45,630,000 ամերիկեան տոլար: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը:

Ստացուած օգնութեան 51.7 տոկոսը կազմած են քիմիական նիւթերու եւ անոնց հետ կապուած արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանքներ, 14.3 տոկոսը՝ մանածագործական իրեր, 7.3 տոկոսը՝ զանազան արդիւնաբերական ապրանքներ, 7.1 տոկոսը՝ մեքենաներ եւ սարքաւորումներ, 5.8 տոկոսը՝ սարքեր եւ ապարատները, իսկ 13.8 տոկոսը՝ մնացած ապրանքները:

2016ին Հայաստանի տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ծաւալներուն 21 տոկոսը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները տրամադրած է, 24.2 տոկոսը՝ Եւրոպական Միութեան երկիրներ, 16,9 տոկոսը՝ Զուիցերիան, 14.2 տոկոսը՝ Չինաստանը:

Տնտեսութեան նախարարութեան կողմէ տրամադրուած բեռնամաքսային յայտարարագիրներու տուեալներուն համաձայն՝ 2015ի Յունուարէն Նոյեմբեր մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստանի Հանրապետութիւն ներածուած է 4 միլիոն 525 հազար թոն ապրանք: Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ անոր արժէքը կազմած է 19.1 միլիառ դրամ կամ 40 միլիոն տոլար:

Առաւել մեծ չափով մարդասիրական օգնութիւն Հայաստան հասած է Զուիցերիայէն՝ 23.2 տոկոս, Միացեալ Նահանգներէն՝ 23 տոկոս, Եւրոպական Միութեան երկիրներէ 23.8 տոկոս: ԱՊՀ երկիրներէ՝ Հայաստան եկած օգնութիւնը կը կազմէ ընդհանուրին 1.6 տոկոսը, Ռուսիայէն 0.2 տոկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.