2017-02-07 09:53:00

Թուրքիոյ 29 նահանգներու մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կապ ունեցող ձերբակալեալներուն թիւը 820 է


«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ոստիկանական ուժերը յատուկ հակաահաբեկչական գործողութիւններ կատարած են երկրի 29 նահանգներու մէջ: Այդ գործողութիւններուն ընթացքին ձերբակալուած է ՏԱՀԵՇ-ի անդամ ըլլալու համար կասկածուող 763 մարդ:

Հարիւրաւոր հասցէներու մէջ կատարուած խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած է նաեւ մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:

Յիշեցնենք, որ «Անատոլու» մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ վերոնշեալ գործողութեան ծիրին մէջ ձերբակալուածներու թիւը 440 է: 60 կասկածելիներ` հիմնականին մէջ օտարերկրացիներ, ձերբակալուած են մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, 150 հոգի` Սուրիոյ սահմանակից Ուրֆա գաւառին մէջ:

Ձերբակալութիւններ կատարուած են նաեւ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Այնթապի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.