2017-02-07 09:21:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց «Թռչնոց Բոյն» եւ որբերու թանգարան


Երկուշաբթի, 6 Փետրուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յանձնախումբի փոխատենապետ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի, այցելեց որբերու թանգարան ու մօտէն ծանօթացաւ այդտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարեց թանգարանը աւելի զարգացնելու ու կազմակերպելու: Թանգարանի հիմնադրութեան բարերարներն են տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանները: Թանգարանի յանձնախումբի ատենապետն է Ալեքքօ Պէզիքեան:

Ապա վեհափառ հայրապետը այցելեց «Թռչնոց բոյն», ուր հանդիպում ունեցաւ խնամակալութեան ու տնօրէնութեան հետ: Հոս եւս վեհափառ հայրապետը մօտէն ծանօթացաւ որբերու նկատմամբ տարուող խնամքին, տեղեակ դարձաւ նոր ծրագիրներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց խնամակալութեան տարած աշխատանքներուն: Այս առիթով վեհափառը նաեւ կոչ ուղղեց մեր ժողովուրդի զաւակներուն իրենց աղօթքներուն, մտածումներուն եւ նուիրատուութիւններուն մէջ միշտ յիշելու «Թռչնոց բոյն»-ը, որ եղած է ու կը մնայ մեր որբերուն եւ դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներու զաւակներուն հոգածութիւն ու խնամք տածող միակ կեդրոնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.