2017-02-07 09:47:00

Այսօր համացանցով հայատառ գրելու օրն է


Փետրուար 7-ը համացանցով հայատառ գրելու օրն է: Նախաձեռնութիւնը  մեկնարկած  է 2012 Փետրուար 7-ին։ 

Փետրուար 7-ը համացանցով հայատառ գրելու նախաձեռնութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է.

«Նախաձեռնութեան այս ընթացքին միացած են բազմաթիւ անհատներ ու կազմակերպութիւններ: Հայատառ գրելու կոչ եղած է նաեւ Ազգային ժողովի մէջ, բջիջային հեռախօսակապերէն մէկը իր բաժանորդներուն արդէն կ՝ուղարկէ հայատառ կարճ հաղորդագրութիւններ, թեման հետաքրքրած է նաեւ արտասահմանեան մամուլին: Լուծուած է նաեւ մեսրոպատառ հայերէնով գրելուն խոչընդոտող  հիմնական հարցերը` համացանցին միացող բոլոր տեսակի սարքերէն այսօր կարելի է գրել մեսրոպատառ հայերէն, անվճար հասանելի են նաեւ համապատասխան ծրագիրները:

Նախաձեռնութեան անդամներուն եւ մեզի հետ համակարծիք մարդոց անունով՝ մէկ անգամ եւս կը խնդրենք  բոլորին, պետական եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններու աշխատակիցներուն՝ համացանցով հայերէն գրել բացառապէս մեսրոպատառ: Առանձնայատուկ շնորհակակութիւն լրատուամիջոցներուն` մեր աշխատանքները լուսաբանելու եւ հայատառ գրելը քարոզելու գործին մէջ ցուցաբերած անգնահատելի աջակցութեան համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.