2017-02-07 09:16:00

՝՝Կրօնքներու եւ մշակոյթի հանդիպում՝՝ի պատուիրակութին մը այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան


6 փետրուար 2017, երկուշաբթի ժամը 11-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան այցելեց «Կրօնքներու եւ մշակոյթներու հանդիպում» կազմակերպութեան բազմանդամ պատուիրակութիւն մը որուն մաս կը կազմէին մարոնիթ, սիւննի, շիի, տիւրզի համայքներու հոգեւոր եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ։

Պատուիրակութիւնը ընդունուեցաւ Հ. Կ. Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեանին կողմէ։ Ծանօթացման հանդիպումի ընթացքին, պատուիրակութիւնը ներկայացուց կազմակերպութեան նպատակը ու ծրագիրները, որոնք կը ձգտին երկրէն ներս քաղաքացիական խաղաղ համակեցութեան մթնոլորտի ամրապնդումին, խնդրելով Պատրիարքութեան աջակցութիւնը իր գործունէութեան։ Գերապայծառ Տէրը գնահատեց նախաձեռնութիւնը եւ խոստացաւ հնարաւորին չափ աջակցիլ անոր։

Այնուհետեւ, տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց երկիրը յուզող հրատապ խնդիրները եւ զանոնք օր առաջ լուծուած տեսնելու եւ այս նպատակով գործակցութեան մաղթանքով հիւրերը հրաժեշտ առին գերապայծառ Տիրոջմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.