2017-02-06 09:09:00

Մոնկոլիայի Եկեղեցին կը պատրաստուի տօնախմբելու ''արծաթեայ'' յոբելեանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոնկոլիայի մէջ, 14 տարբեր երկիրներու աւելի քան 50 քաղաքացիներ, կը գործեն իբր միսիոնարներ։ Մոնկոլիայի Եկեղեցին այս տարի կը տօնէ իր վերածնունդի 25-ամեակը։

Շնորհիւ միսիոնարներու նուիրումին շատ շուտով այնտեղ պիտի հիմնուին երեք նոր ժողովրդապետութիւններ, ըստ քոնկոցի միսիոնար Հայր Փրոսփեր Մպումպայի։

Փետրուար 2ին կրօնաւորական կեանքի նուիրեալներու միջազգային օրուան առիթով Հ. Մպումպա եւ ուրիշ միսիոնարներ ներկայ գտնուած են Հռոմ, միասնաբար Ուլաանպաաթարի Առաքելական կառավարիչ` գերապայծառ Վենցեսլաօ Փատիյաի հետ։ Այս առիթով, Քոյր Նիրմալա, հնդիկ մայրապետը, որ տաս տարիներէ ի վեր կը գործէ Մոնկոլիայի մէջ, վկայութիւն տուած է իր փորձառութիւններու մասին։ Ան ներշնչուած է ֆրանսացի միսիոնարի մը օրինակէն, որ մեծ նուիրումով ծառայած էր Հնդկաստանի ժողովուրդին՝ բարեսիրութեամբ եւ երիտասարդներու դաստիարակութեամբ։

Կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ միսիոնարները Մոնկոլիայի մէջ կ՛ապրին եւ կը գործեն համաձայն իրենց միաբանութիւններու շնորհապարգեւին։

Կրօնաւորական կեանք ապրիլ, կը նշանակէ յարաբերիլ Աստուծոյ հետ, ըսած է Քոյր Նիրմալա։ Ան յիշեցուցած է, թէ անցեալ տարի Մոնկոլիայի եկեղեցին ունեցաւ իր առաջին բնիկ քահանան։ Մոնկոլիայի կաթողիկէ հասարակութիւնը կը հաշուէ աւելի քան հազար մկրտուածներ եւ հարիւրաւոր նորադարձներ՝ վեց ժողովրդապետութիւններու եւ միսիոնարական երեք կայաններու մէջ, որոնք ժողովրդապետութեան կարգավիճակ պիտի ընդունին Մոնկոլիայի Եկեղեցւոյ արծաթեայ յոբելեանին առիթով։ Մայրապետը այս բոլորը նկատած է Աստուծոյ տուած նշանները, որ կը սիրէ Մոնկոլիայի ժողովուրդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.