2017-02-06 09:14:00

Հայ Եկեղեցին այսօր կը սկսի առաջաւորաց պահքը


Այս տարի Առաջաւորաց  պահքը կը սկսի Փետրուար 6-ին, որ կը տեւէ հինգ օր:

Առաջաւորացը առաջին պահքն է, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէն, եւ այդ իսկ պատճառով կը կոչուի առաջուորաց` առաջին:

Աւանդութեան համաձայն՝ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը  տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքային, հայոց մեծամեծերուն ու ողջ ժողովուրդին, նախքան մկրտելը` 65 օր շարունակ, Քրիստոսի հաւատքը կը  քարոզէր եւ այդ օրերէն 5-ի ընթացքին պատուիրեց պահեցողութեամբ եւ ապաշխարութեամբ պատրաստուելու Մկրտութեան:

Հին ժամանակներուն պահք ըսելով կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն` ընդհանրապէս ոչինչ կ՝ուտէին (ջուրի սակաւ գործածութեամբ) կամ կ՝ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Բայց յետագային, բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ այլ կերակուրներն ու մեղրը, եւ տարբերակում մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ` ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ: Այսօր, Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը` ծոմ, թէ սովորական պահք, կը ձգեն հաւատացեալի կամքին:

Առաջաւորաց պահքը կը նախորդէ Ս. Սարգիսի տօնին, սակայն տօնի հետ անիկա որեւէ առնչութիւն չունի:

Իսկ ինչո՞ւ հինգ օր կը պահենք պահք :

Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը ասոր կու տան քանի մը բացատրութիւն:

Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կարգադրութեամբ՝ ողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան պահքի մէջ եղան 5 օր:

Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի` տեսանելիք (աչքերը), լսելիք (ականջները), հոտոտելիք (քիթը), ճաշակելիք (բերանը) եւ շօշափելիք (ձեռքերն ու ոտքերը), որոնցմով կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի գղջայ ասոնցմով կատարած իր մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չկատարել:

Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհն ու այնտեղ եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ: Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ, թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր բոլոր տեսակի կենդանիները, տուած անոնց աճելու ու բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման դեռ չէր տուած: Այդ հրամանը՝ մարդուն ու ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն` 5 օր ետք: Ուրեմն աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ոչ ոք ոչինչ կ՝ուտէր:

Դ) Ըստ Եկեղեցւոյ` հինգօրեայ պահք սահմանած էին նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետները: Աւանդութիւնը կ՝ըսէ, թէ դրախտէն արտաքսուելէ ետք՝ Ադամը 5 օր անօթի մնաց: Իրմէ սորվելով` անոր որդիներն ալ հնգօրեայ պահք պահած են, օրինակ, Աբէլը` զոհ մատուցելէ առաջ, կամ Սէթը, երբ իր հայր Ադամը մեռաւ: Ենովքն ալ 5 օր պահք կը պահէր ամէն ամսուան սկիզբը, իսկ Նոյը այս պահքը պահած է տապան մտնելէն առաջ եւ այնտեղէն ելլելէն ետք: Աբրահամը, Յակոբը եւ Յովսէփն ալ հնգօրեայ պահք պահած են: Եւ ըստ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան` Առաջաւորաց պահքի` նաեւ նահապետներէն սահմանուած ըլլալն է պատճառը, որ այս պահքի առաջին չորս օրերուն րնթացքին (Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի) Աստուածաշունչէն հատուածներ` ընթերցուածներ, չեն կարդար եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ոչ Հին Կտակարանի, ոչ ալ առաւել եւս Նոր Կտակարանի գիրքերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.