2017-02-06 10:23:00

Դ.Վ.Դ.-ն մերժեց ճամբորդներու մուտքը արգիլելու որոշումի վերականգնման Թրամփի դիմումը


Միացեալ Նահանգներու վերադատ ատեանը մերժեց ուրբաթ օր դաշնակցային դատաւորի մը կողմէ չեղեալ յայտարարուած` ճամբորդներու մուտքը արգիլելու որոշումը վերականգնելու Թրամփի վարչակազմի դիմումը:

«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ ուշ գիշերին արձակուած վճիռին հիմամբ ճամբորդութեան արգիլման որոշումը պիտի շարունակէ մնալ առկախուած` մինչեւ դատական հոլովոյթի աւարտը:

Սպիտակ տան եւ նահանգներուն կողմէ դատարանին որոշումը բողոքարկելու համար ճշդուած ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր: Երկու նահանգներ` Ուաշինկթընն ու Մինիսոթան կը պնդեն, որ 7 իսլամական երկիրներէ ճամբորդներու Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլող որոշումը հակասահմանադրական է: Անոնք նաեւ նշեցին, որ հրամանագիրը իսլամները թիրախ դարձնելով կ՛ոտնահարէ կրօնի ազատութեան իրաւունքը:

Արդարադատութեան դատարանը իր բողոքարկման մէջ նշած էր, որ միայն նախագահը կրնայ ճշդել, թէ ո՛վ կրնայ Միացեալ Նահանգներ մուտք գործել` աւելցնելով, որ նահանգները նախագահի գործադիր հրամանագիրը վիճարկելու լիազօրութիւնը չունին:

Վերոնշեալ եօթը երկիրներէն մէկը` Իրաքը ողջունեց ճամբորդութեան արգիլման որոշումի չեղեալ յայտարարուիլը` զայն նկատելով «ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մը»:

Իրան իր կարգին յայտնեց, որ դաշնակցային դատաւորի որոշումին լոյսին տակ Միացեալ Նահանգներու ըմբշամարտի խումբին պիտի արտօնէ մասնակցիլ իր հիւրընկալութեամբ աշխարհի ախոյեանութեան:

Թրամփ դաշնակցային դատաւոր Ճէյմս Ռոպարթի որոշումը նկատած էր «ծիծաղելի», դատաւորը կոչած «այսպէս կոչուած դատաւոր» եւ խոստացած վերականգնել ճամբորդութեան արգելքը:

Դատաւոր Ռոպարթ 2004-ին դաշնակցային դատարանի անդամ նշանակուած էր նախկին նախագահ Ճորճ Ու. Պուշի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.