2017-02-05 16:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Ամերիկեան ''Ֆութպոլի'' ախոյանութեան եզրափակիչ խաղի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամերիկեան ''Ֆութպոլի'' ախոյանութեան ''Super Bowl'' եզրափակիչ խաղի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց որուն մէջ մաղթանք յայտնեց որ այդ մրցոյթը աշխարհին համար դառնայ խաղաղութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան նշան։ 

''Բարի եկած էք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը պատգամին սկիզբը, ''Super Bowl''-ի նման մարզական մեծ ձեռնարկները մեծապէս յատկանշական են եւ կը բացայայտեն թէ կարելի է կառուցել հանդիպումի մշակոյթ մը ու խաղաղութեան աշխարհ մը։

Մաս կազմել մարզական գործունէութեան մեզ կը մղէ երթալու կեանքի անձնական տեսողութենէն անդին ու մեզի կը սորվեցնէ զոհողութեան իմաստը եւ կանոններու յարգանքի ու հաւատարմութեան մէջ աճիլը։

Թող որ այս տարուայ ''Super Bowl''-ը ըլլայ խաղաղութեան, բարեկամութեան ու զօրակցութեան նշան, համայն աշխարհին հանար։  Շնորհակալութիւն։''








All the contents on this site are copyrighted ©.