2017-02-05 12:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 Փետրուարի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը ''Լեռան քարոզը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 5 Փետրուար 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աւանդութեան համաձայն ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը որուն սկիզբը մատնանշեց  թէ, այս կիրակի օրուայ ծիսակատարութիւնը մեզի կը ներկայացնէ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած այսպէս կոչուած ''լեռան քարոզը''  որուն մէջ Յիսուս իր աշակերտներուն կը բացայայտէ անոնց առաքելութիւնը լուսարձակի տակ առնելով երկու փոխաբերական իմաստով բառեր` Աղ եւ Լոյս։

Յիսուս ըսաւ Սրբազան Պապը մեզ կը հրաւիրէ ըլլալու իր լոյսին արտացոլումը, բարի գործերու վկայութեան միջոցաւ։ Ան կ՛ըսէ  ''Ձեր լոյսը պէտք է շողայ մարդոց աչքերուն, որպէս զի տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան ձեր Հօր որ երկինքն է''(Մատթ 5,16)։ Առ այդ մենք ունինք պարտականութիւն ու պատասխանատուութիւն մը, ի տես ընկալուած պարգեւին` հաւատքի լոյսը որ մեր մէջ է Քրիստոսի եւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան միջոցաւ, պէտք չէ զայն մեր սեփականութիւնը նկատենք այլ հարկաւոր է որ զայն ցոլացնենք համայն աշխարհին մէջ եւ զայն նուիրենք ուրիշներուն բարի գործերու միջոցաւ։

''Մեր հաւատքին լոյսը աւելիով կը հզօրանայ երբ զայն կը սնուցանենք սիրով ու բարի գործերով'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ անդրադարձաւ աւետարանական այլ հատուածին ուր կը խօսուի ''Երկրի աղի'' մասին։

Աղը համ կու տայ ու կերակուրը կը պահպանէ առ այդ քրիստոնեաներու առաքելութիւնն է Քրիստոսի մեզի տուած սիրով ու հաւատքով համեմել աշխարհը ու միաժամանակ հեռու պահել եսասիրութեան, նախանձի ու զրպարտութեան ապականող ծիլերը, որոնք կը քայքայեն մեր հասարակութիւնը։ 

Մեզմէ ամէն մին` իր առօրեայի միջավայրին մէջ  կանչուած է ըլլալու լոյս եւ աղ աշխարհին, ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին հայցելով Ամենասուրբ Մարիամին հովանին որպէսզի մեզ օգնէ մշտապէս լուսաւորուելու Տիրոջմէն ու մեր կարգին դառնանք երկիրի աղ եւ աշխարհի լոյս։

Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց ապա Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն յատկապէս յիշելով թէ այսօր Իտալիոյ մէջ կը նշուի Կեանքի ի նպաստ ազգային օրը։

''Կը միանամ Իտալացի եպիսկոպոսներուն յառաջ տանելու համար կեանքի մշակոյթը, մօտիկ ըլլալով այն կիներուն որոնք կ՛ուզեն ընդհատել յղիութիւնը ու մօտիկ անոնց որոնք կ՛ապրին իրենց կեանքի վերջին հանգրուանը, որպէսզի եւ ոչ մէկը մնայ մինակ ու սէրը պաշտպանէ կեանքի իմաստը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշելով Մայր Թերեզայի խօսքերը ''Կեանքը գեղեցկութիւն է, հիացի՛ր։ Կեանքը կեանք է պաշտպանէ զայն''։  

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց ողջունելով հրապարակը համախմբուած այլ խմբակցութիւններն ու ուխտաւորները ու բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.