2017-02-05 10:08:00

Կիրակի 5 Փետրուար 2017 - Առաջաւորի Բարեկենդան


Ես եմ, մի՛ վախնաք (Յովհաննէս 6, 15-21)

Յիսուսի քալելը Տիբերիոյ լճին վրայէն այնքան չի զարմացներ մեզ, որով կարգ մը ճարպիկ կախարդներ կը յաջողին այսօր նոյնը կատարել։ Ուստի հրաշքէն աւելի, կ՛ուզէի այսօր ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել այն դէպքին վրայ որ աշակերտները, որոնց մէկ մասը փորձառու ձկնորսներ էին եւ վարժ փոթորիկներ դիմագրաւելու ծովու վրայ, կը գտնուին յանկարծ շատ նեղ դրութեան մը մէջ եւ իրենց ջանքերը նաւակը ցամաք հասցնելու ապարդիւն կը մնան։

Ահա այդ ճգնաժամային վայրկեանին, ամէնէն անակնկալ ձեւով կը յայտնուի Յիսուսը, իրենց Վարդապետը, փրկելու համար զիրենք այդ նեղ կացութենէն։ Երբ նաւուն ղեկը չի կրնար այլեւս զիրենք առաջնորդել, ահա Յիsուսի ձեռքը կու գայ զիրենք հասցնելու դէպի ապահով նաւահանգիստ մը։

Ամէն մարդ, իր կեանքի ընթացքին, կը հանդիպի զանազան դժուարութիւններու եւ խոչընդոտներու. երբեմն դիւրաւ կրնայ անոնց յաղթահարել, սակայն երբեմն ալ պէտք կ՛ունենայ ուրիշներու օգնութեան։ Կան սակայն փորձանքներ որոնց համար պէտք ունի աւլի բարձր օժանդակութեան եւ ահա հոն է որ երեւան կու գայ օգնութիւն մը որուն վրայ երբեք չէր մտածած, երկնաւոր ձեռքը մեր Փրկչին, Յիսուսի. Ան կ՛ըսէ մեզի. Ես ձեր մօտն եմ, ձեզի հետ կը քալեմ, ուստի մի՛ վախնաք, ահա ձեր ձեռքէն բռնած` կ՛առաջնորդեմ  ապահով ճամբաներէ դէպի ձեր կեանքին նպատակը։

Եկեղեցւոյ խորհրդանիշներէն մին է նաւը, որուն նաւավարն է Եկեղեցւոյ պետը, Յիսուս, որու ներկայացուցիչն է Սրբազան քահանայապետը. Ան է որ կ՛առաջնորդէ քրիստոնեայ ժողովուրդը դէպի յաւիտենական փրկութեան նաւահանգիստը։ Այսօրուայ աւետարանի պատմած դէպքին մէջ` ձկնորսի նաւակը, որուն մէջ հաւաքուած են տասներկու առաքեալները, կը խորհրդանշէ Սուրբ Եկեղեցին։ Սոյն Եկեղեցին, պատմութեան ընթացքին` անցած է բազմաթիւ նեղութիւններէ եւ փորձանքներէ, սակայն հաստատ կերպով կը դիմէ դէպի նաւահանգիստը, որ է երկնքի յաւիտենական երջանկութիւնը, որովհետեւ Յիսուս միշտ ներկայ է իր մօտ եւ Սուրբ Հոգին, թեթեւ ու անուշ հովի մը նման` կ՛ուղղէ իր ընթացքը ապահով ուղիներէ։

Մեր վստահութիւնը ներշնչուած է Յիսուսի տուած խոստումներէն ու պատգամ-ներէն իր Աւետարանին մէջ, որով ապահովութիւն տուած է մեզի թէ նոյնիսկ դժոխքի ամենա­ոխերիմ ուժերը պիտի չյաջողին յաղթահարելու մեզի։ Իսկ մեր յոյսն ու ապաւէնը Սուրբ Հոգիի ներկայութիւնն է մեր բոլոր գործունէութիւններուն մէջ։

Մեզի կ՛իյնայ անշուշտ չվախնալ դժուարութիւններէն եւ չյուսահատիլ։ Երբ զինուորի մը կ՛ըսեն թէ ահա թշնամին դիմացն է, զէն ի ձեռին` պիտի յարձակիս անոր վրայ եւ նուաճես զինք, անշուշտ վախ մը կը պատէ նախ իր սիրտը, սակայն իր հայրենասիրութիւնը կը յաղթէ այդ նախնական տարակոյսին եւ կորովը սրտին` կը յարձակի թշնամիին վրայ։ Ան գիտէ թէ իր նուիրումով` կը պաշտպանէ իր ազգը, իր հայրենիքը, իր ընտանիքը։

Նոյնպէս ալ քրիստոնեան, որ դրոշմի խորհուրդով` զինուորագրուած է Քրիստոսի բանակին մէջ, անվեհեր կ՛ընթանայ Աստուծոյ կամքին գծած ճամբէն, վստահելով թէ իր Տէրն ու Վարդապետը բնաւ պիտի չլքէ զինք, այլ ամէն առիթին ու դժուարութեան առջեւ` միշտ նեցուկ պիտի հանդիսանայ իրեն, հրաշքով նոյնիսկ բանալով իր առջեւ բոլոր դռները որոնք փակուած կը կարծուէին ըլլալ։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան








All the contents on this site are copyrighted ©.