2017-02-04 09:39:00

Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագիրի բանակցութիւններ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 3 փետրուարին ընդունած է շրջանային այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Եւրոպական յանձնաժողովի Դրացնութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերու գլխաւոր տնօրէն Քրիսթիան Տանիէլսընը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ նախորդ երկու տարիները Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան տեսանկիւնէն յատկանշուած են աշխուժութեամբ, յատկապէս քաղաքական երկխօսութեան առումով, ինչպէս նաեւ այս ծիրին մէջ  ընդլայնուած է համագործակցութիւնը: Այդ պարունակին մէջ նախագահը կարեւոր նկատած է բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները` յիշեցնելով վերջին շրջանին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու Հայաստան այցելութիւնը:

Ընդգծելով, որ աշխուժօրէն կը շարունակուին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ նոր շրջանակային համաձայնագիրի վերաբերող բանակցութիւնները, զրուցակիցները երկուստեք յոյս յայտնած են, որ յառաջիկային հոլովոյթը կը թեւակոխէ աւարտական փուլ: Քրիսթիան Տանիէլսըն կարեւոր նկատած է Հայաստանի նախագահին Պրիւքսէլ տալիք այցելութիւնը` դիտել տալով, որ անիկա նոր լիցք պիտի հաղորդէ փոխադարձ գործակցութեան զարգացման:

Երկու կողմերուն միջեւ համագործակցութեան կարեւոր ձեռքբերումներուն կարգին նախագահ Սարգսեան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է Եւրոպական Միութեան խորհուրդին կողմէ Հայաստանի հետ ընդհանուր օդանաւորդութեան գօտիին շուրջ բանակցութիւններու դրութիւնը հաստատելու որոշման ընդունումը եւ հաստատած, որ Հայաստան այսուհետեւ եւս պատրաստակամ է յառաջ մղելու Եւրոպական Միութեան հետ փոխադարձ գործակցութիւնը` բարեփոխումներու խթանման, անոր շարժունակութեան, արդիւնաւէտ կառավարման, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու, տնտեսական համագործակցութեան եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ մարզերու մէջ: Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է Եւրոպական Միութեան` այս հոլովոյթին մէջ ներդրուած ջանքերուն եւ տրամադրուած միջոցներուն համար, որոնց կարգին պիտի ըլլայ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ տրամադրուած աջակցութիւնը:

Կարեւոր նկատուած են գործընկերութեան առաջնահերթութիւններուն շուրջ բանակցային հոլովոյթը:

Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են շրջանային խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու վերաբերեալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.