2017-02-03 09:24:00

Ուքրանական հրասայլեր մուտք գործած են Աւտէեւքա


Ուքրանական հրասայլերը մուտք գործած են Աւտէեւքա: Համացանցին վրայ յայտնուած է տեսագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛երեւին Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու հրասայլերը` Աւտէեւքայի բնակելի տուներու շրջապատին մէջ: Տեսագրութիւնը հրապարակած է «Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակից Թոմ Պերիճ` «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

Լրագրողը գրած է. «Աւտէեւքայի մէջ մենք ուքրանական հրասայլեր տեսանք եւ զինուորներ, որոնք հաւանաբար պատրաստ էին եւ լսած, որ զինադադարի դրութիւնը չի պահպանուիր»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ընկերային ցանցերու օգտատէրերը նաեւ նկատած են, որ տեսագրութեան մէջ հրասայլերու ետին կ՛երեւին ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան ինքնաշարժները, սակայն կազմակերպութեան ոչ մէկ անդամ կ՛երեւի:

Նախապէս արեւելեան Ուքրանիոյ զինեալներն ու ուքրանական բանակը յայտարարած էին Աւտէեւքայի մէջ իրավիճակի լարուածութեան մասին: Տագնապին կողմերը զիրար կը մեղադրեն գնդակոծութիւններու սաստկացման եւ Տոնեցքի շրջանին մէջ յարձակումի ձեռնարկելու փորձերու ամբաստանութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.