2017-02-03 09:36:00

Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուաւ «Արի Տուն» 2017 թուականի ծրագիրին


Փետրուար 2-ին, կառավարութիւնը ընդունեց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ներկայացուցած Սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» 2017 թուականի ծրագիրին եւ ձեռնարկներու ցանկին հաւանութիւն տալու մասին նախագիծը:

Ծրագիրին նպատակն է աշխարհասփիւռ հայ երիտասարդներուն ճանաչելի դարձնել Հայաստան-Հայրենիքը, անոր տեսարժան վայրերը, բնակելով ընտանիքներու մէջ` մօտիկէն ծանօթանալ հայ ընտանիքի սովորոյթներուն, աւանդոյթներուն, հասակակիցներուն, նպաստել սփիւռքահայ երիտասարդութեան մօտ ազգային ինքնութեան ամրապնդման, ազգային գիտակցութիւնը հզօրացնելուն, աջակցիլ Հայաստան-Սփիւռք բարոյահոգեբանական, կրթամշակութային միասնութեան, նպաստել երիտասարդութեան հայադարձութեան:

2016 թուականին «Արի տուն» ծրագիրին 8 փուլով մասնակցած է շուրջ 900 սփիւռքահայ երիտասարդ աշխարհի 38 երկրէ: Ծրագիրի իրականացման իւրաքանչիւր փուլի ընթացքին սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար կազմակերպուած են ուսուցողական ծրագիրներ, հայրենագիտութեան խտացուած դասընթացներ` հանրապետութեան հմուտ մանկավարժներու կողմէն, հայկական պարերու դասընթացներ, մշակութային ծրագիրներ` այցելութիւններ Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, մասնակցութիւն  շարք մը համահայկական ծրագիրներու, ճանաչողական հանդիպում-այցելութիւններ` հանդիպումներ ՀՀ պետական համալսարաններու , զօրամասերու մէջ, գիտութեան, մշակոյթի, մարզանքի  յայտնի անհատներու հետ, hրաժեշտի ձեռնարկներ, որոնց ժամանակ ծրագիրի մասնակիցները հանդիպած են ՀՀ պաշտօնատար այրերու հետ: Կ՛ակնկալուի, որ «Արի տուն» ծրագիրի շարունակական իրականացման արդիւնքով պիտի ձեւաւորուի սեփական արմատներուն տեղեկացուած հպարտ հայ սերունդ:

2017 թուականին կ՛ակնկալուի մինչեւ 1000 սփիւռքահայ երիտասարդի այցելութիւն Հայաստան, որոնք նախ կը հիւրընկալուին հայաստանեան ընտանիքներու մէջ, ապա իրենց հասակակիցներուն հետ կը մասնակցին «Արի տուն» ճամբարին:

Ծրագիրի իրականացման աշխատանքները համակարգելու եւ պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով կը ստեղծուի ծրագիրի իրականացման միջգերատեսչական համակարգող յանձնաժողով եւ աշխատանքային խումբ: Ծրագիրի իրականացման կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ կ՛ակնկալուի գործընկեր հասարակական երիտասարդական կազմակերպութիւններու եւ երիտասարդ կամաւորներու ներգրաւում:

«Արի տուն» ամառնային ճամբարի, ուսուցողական դասընթացներու, կրթական, մշակութային եւ այլ ձեռնարկներու մշակումն ու կազմակերպումը, պետական պաշտօնեաներու եւ տարբեր ոլորտներու յայտնի գործիչներու հետ հանդիպումները լրացուցիչ ազդակ կը հանդիսանան ծրագիրի արդիւնաւէտութեան բարձրացման համար:

Ծրագիրը կը հովանաւորուի Հայաստանի Հանրապետութեան 2017 թուականի պետական պիւտճէի հաշուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.