2017-02-03 09:31:00

Դամասկոս.«Վերջ պէտք է տալ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ Թրքական վարչակարգին ոտնձգութիւններուն»


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց «սուրիացի ժողովուրդին, սուրիական հողերու անձեռնմխելիութեան, ամբողջականութեան ու անվտանգութեան դէմ թրքական իրերայաջորդ յարձակումները» եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց տէր կանգնիլ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման մէջ իր պատասխանատուութիւններուն եւ «վերջ տալ սուրիացի ժողովուրդին դէմ թրքական վարչակարգին բացայայտ ոտնձգութիւններուն»:

Մինչ այդ, սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Հալէպի հիւսիսարեւելեան գիւղական շրջաններուն մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ իր կատարած զինուորական գործողութեան ընթացքին վերատիրացած է 32 գիւղերու եւ ագարակներու, ինչպէս նաեւ իր վերահսկողութեան տակ առած է Հալէպ-Պապ մայրուղիի 16 քիլոմեթրնոց հատուածը:








All the contents on this site are copyrighted ©.