(Ռատիօ Վատիկան) Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի քարտուղար` գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինօ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի Ոստիկանապետ Տիար Տոմենիքօ Ճանիի եւ իտալացի յայտնի երգիչ Քլաուտիօ Պալիոնիիի, այցելութիւն տուին Իտալիոյ Կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող եւ երկրաշարժի թիրախ դարձած Նորչիա գիւղաքաղաքին ուր` երկրաշարժէն վնասուած մէկ դպրոցին յանձնեցին Կեդրոնական Ափրիկէի մանուկներուն, իրենց տարեկիցներուն համար հանգանակած 7 հազար Եւրօ։
Վերոյիշեալ պատուիրակութեան անդամակցեցաւ Սփոլեթօ-Նորչիա Թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտօ ու միասնաբար հանդիպում ունեցան Նորչիայի Մանկապարտէզի տնօրէն` Տիկ Ռոսսելլա Թոնթիի եւ մանկապարտէզի աշակերտութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ։
All the contents on this site are copyrighted ©. |