2017-02-02 09:18:00

ՄԱԿ-ը Սուրիական տագնապի կողմերուն կոչ ուղղած է՝ բանակցելու առանց նախապայմաններուն


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը դիմած է սուրիական տագնապի կողմերուն` կոչ ուղղելով 20 փետրուարին Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու նոր փուլին մասնակցելու առանց նախապայմաններու:

«Ապահովութեան խորհուրդի անդամները կ՛ակնկալեն, որ միջսուրիական բանակցութիւնները պիտի վերականգնին, կ՛աջակցին Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի` ժընեւեան բանակցութիւնները ըստ կարելւոյն արագ վերսկսելու հարցին մէջ եւ կոչ կ՛ուղղեն հակամարտող կողմերուն մասնակցելու բանակցութիւններուն` առանց նախապայմաններու», կը նշուի որդեգրուած յայտարարութեան մէջ:

Լրատու գործակալութիւնը նաեւ կը հաղորդէ, որ յայտարարութեան նախագիծը նախապատրաստուած եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկման դրուած է Ռուսիոյ կողմէ:

ՄԱԿ-ի մօտ Բրիտանիոյ դեսպան Մեթիու Ռայքրոֆթ յայտարարեց, որ որոշուած է ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ յաջորդ միջսուրիական բանակցութիւնները կատարել 20 փետրուարին:

Յայտնենք, որ Ժընեւի մէջ նախատեսուած վերոնշեալ ժողովը տեղի պիտի ունենար 8 փետրուարին, սակայն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով անցեալ շաբաթ անոր յետաձգումը յայտարարեց:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.