2017-02-02 09:25:00

Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկուած են ''Մասնակի Ազատ'' երկիրներու ցանկին մէջ։


«Ֆրիտըմ Հաուս» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան «Ազատութիւնը աշխարհի վրայ 2017» զեկուցումին մէջ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնները ներկայացուած են իբրեւ «մասնակի ազատ» երկիրներ: Հայաստանը 100 կէտերէ բաղկացած համակարգին մէջ (100 կէտը ամէնէն ազատը, իսկ 0-ն` ամէնէն ոչ ազատը) ստացած է 45 կէտ: Զեկուցումին մէջ ներառուած են 195 երկիրներ:

Կազմակերպութիւնը առանձին գնահատականներ ներկայացուցած է նաեւ քաղաքական իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու մասով, որոնց մէջ Հայաստանը համապատասխանաբար գնահատուած է 5 եւ 4` կարելի 7 կէտէն, որուն մէջ 7-ն ոչ ազատն է, իսկ 1-ը` ամէնէն ազատը:

Լեռնային Ղարաբաղը ընդգրկուած է «վիճելի տարածքներ» ցանկին մէջ` 33 կէտով, եւ նկատուած «մասնակի ազատ»: Լեռնային Ղարաբաղի պարագային թէ՛ քաղաքական իրաւունքները, թէ՛ քաղաքացիական ազատութիւնները գնահատուած են 5:

Ըստ զեկուցումին, ամէնէն ազատ երկիրը նկատուած է Ֆինլանտան, իսկ ամէնէն անազատը` Զիմպապուէն:

Շրջանի երկիրներէն Վրաստանը եւ Թուրքիան նկատուած են «մասնակի ազատ»` համապատասխանաբար 64 եւ 53 կէտերով: Իրանն ու Ազրպէյճանը նկատուած են ոչ ազատ` 17 եւ 14 կէտերով:

Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ըստ զեկուցումին, Թուրքիոյ մէջ յատկապէս վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին աւելի յաճախակի կը խախտուին մարդու քաղաքացիական իրաւունքներն ու ազատութեան արժեչափերը, ինչ որ կապուած է երկրին մէջ մենատիրական իշխանութեան համակարգի ուժեղացման հետ:

Զեկուցումին համաձայն, Թուրքիան անցեալ տարուան ընթացքին աշխարհի վրայ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու առումով մեծագոյն յետընթացը արձանագրած երկիրն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.