2017-02-01 11:09:00

''Ողորմութեան Մայր''Սրբապատկերը կը ցուցադրուի Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 1 փետրուար, 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, յատուկէն ողջունեց Իտալիոյ Ժելա թեմէն ժամանած հաւատացեալները, որոնք իրենց թեմի փոխանորդ  ՝ Հայր Ամթոնիօ Ռիվոկիին ընկերակցութեամբ,  Հռոմ եկած են իրենց հետ բերելով ՝՝ Ողորմութեան Մայր՝՝ Աստուածածնայ Սրբապատկերը, որ  2 փետրուարին, Տիրոջ ընծայման տօնին առթիւ, պիտի ցուցադրուի,  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անձինք նուիրեալներու յատկացուած օրուան առթիւ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին։

Սրբազան Հայրը ողջունի խօսքին մէջ ըսաւ ՝՝Կ՝ողջունեմ Ողորմածութեան հոգեւոր կեդրոնի հաւատացեալներն ու իրենց հոգեւոր առաջնորդը Գերապայծառ Ռոզարիօ Կիզանան, որոնք  ''Ողորմութեան Մայր'' Սրբապատկերով եկած են  Հռոմ։ Սրբապատկերը պիտի ցուցադրուի Սուրբ Պետրոսի Տաճարին մէջ։  Բոլորդ  կը հրաւիրեմ, շարունակելու ողորմածութեան ներգործութիւնները,  որպէսզի անոնք դառնան առօրեայ կեանքի սովորական առաքինութիւններ՝՝։

Նորին Սրբութիւնը  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ  գտնուող իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորներուն զանազան լեզուներով ուղղած ողջոյնի խօսքերու աւարտին յատուկէն ողջունեց նաեւ երիտասարդները, հիւանդներն ու  նորապսակները ըսելով։

՝՝Վաղը, պիտի տօնախմբենք Տիրոջ տաճար ընծայման տօնը եւ պիտի նշենք Անձինք նուիրեալներու համաշխարհային օրը։

Ձեր աղօքքներուն կը յանձնեմ , բոլոր անոնք,  որոնք կանչուած են ուսուցանելու աւետարանի խրատները, որպէսզի, անձինք նուիրեալներուն կեանքին վկայութեամբ, աշխարհին մէջ սփռուի Քրիստոսի սէրն ու Աւետարանի շնորհքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.