2017-02-01 10:35:00

''Յոյսի սաղաւարտը'' Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 1 Փետրուար 2017-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած  բազմահազար ուխտաւորներուն անոնց ներկայացնելով Քրիստոնէական Յոյսի մասին խորհրդածութիւն մը, հիմնուելով Պօղոս առաքեալի Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած առաջին թուղթի մէկ հատուածին վրայ (Ա թեսաղ. 5, 4-5. 8-10) ուր առաքեալը կը խօսի յոյսի փրկութեան սաղաւարտի մասին։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, անցեալ խորհրդածութիւններուն մէջ մեր ընթացքը սկսանք Յոյսի նիւթին մասին, անդրադառնալով Հին կտակարանի էջերուն։ Այժմ կ՛ուզենք լուսարձակի տակ առնել արտակարգ այս առաքինութեան ծաւալը նոր կտակարանին մէջ եւ Սուրբ Պօղոսի թեսաղոնիկեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կարելի է շօշափել Քրիստոնեայ առաջին պատգամին գեղեցկութիւնն ու թարմութիւնը։

Իսկ դուք եղբայրներ. Դուք խաւարի մէջ չէք որ ձեր օրը գողի նման ձեզ յանկարծակի բերէ։ Դուք ամէնքդ լոյսի որդիներ էք, ցերեկուան որդիներ էք։ Մենք գիշերուան որդիներ չենք, խաւարի որդիներ չենք....

Իսկ մենք որ ցերեկուան որդիներ ենք, ապրինք ժուժկալ, զգենունք զրահը հաւատքի եւ սիրոյ, դնենք յոյսի փրկութեան սաղաւարտը։ Աստուած մեզ չսահմանեց բարկութեան, այլ փրկութեան կեանքին. Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ, որ մեռաւ մեզի համար, որպէսզի մենք  արթուն կամ քնացած, ապրինք միշտ Յիսուսին միացած։

Թեսաղոնիկէի հասարակութիւնը նոր հիմնուած ու երիտասարդ հասարակութիւն մըն է  ու հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն հաստատ է հաւատքին մէջ. Առաքեալը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ այս իրականութեան դիմաց ու կը ջանայ բացայայտել  անոնց` Քրիստոսի Յարութեան վճռական իրադարձութեան հետեւանքները, ամէն մէկ անհատի կեանքէն ներս։

Պօղոս առաքեալ կը հրաւիրէ հասարակութիւնը իրենց գլուխներուն վրայ ամուր պահելու սաղաւարտ մը` յատկապէս կեանքի ամենադժուար պահերու ընթացքին, Յոյսի փրկութեան սաղաւարտը։ Ահա թէ ինչ է քրիստոնէական յոյսը։ Սպասում է բանի մը` որ արդեն իրականացաւ ու վստահաբար պիտի իրագործուի մեզմէ իւրաքանչիւրիս համար։

Մեր յարութիւնը իսկական իրականութիւն է որովհետեւ արմատացած է Քրիստոսի Յարութեան մէջ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու յարեց թէ` Յուսալ կը նշանակէ սորվիլ ապրիլ սպասումը ու այս մէկը կը պահանջէ խոնարհ ու աղքատ սիրտ մը­, որովհետեւ միայն աղքատ սիրտ մը կարող է սպասել։ Այն որ ինքնահաւան է չի գիտեր իր վստահութիւնը դնել ուրիշի վրայ, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու մէջբերեց Սուրբ Պօղոսի խօսքերը'' Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, որ մեռաւ մեզի համար, որպէսզի մենք  արթուն կամ քնացած, ապրինք միշտ Յիսուսին միացած''։ Այս բառերը յոյսի, մխիթարութեան եւ անդորրութեան բառեր են, յարեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով աղօթել բոլոր մեր սիրելիներուն համար որոնք մեզ լքեցին որպէսզի անոնք եւս ապրին Քրիստոսի մէջ ու մեր հետ հաղորդութեան մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը եզրափակեց բոլոր ներկաները հրաւիրելով միասնաբար երեք անգամ կրկնել ''Մենք յաւիտենապէս պիտի ապրինք Քրիստոսի մէջ'' ապա հաստատեց ''Այնտեղ, պիտի հանդիպինք Տիրոջ հետ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.