2017-02-01 09:27:00

Թրամփ պաշտօնազրկած է ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատարը


«ՌԻԱ Նովոսթի»` յղում կատարելով Սպիտակ տան, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնազրկած է գլխաւոր դատախազի պաշտօնակատար` արդարադատութեան նախարար Սալի Եէյցը, որ մերժած է կատարել ներգաղթի քաղաքականութեան մասին անոր հրամանը:

Նախարարութիւնը պիտի ղեկավարէ Վըրճինիա նահանգի արեւելեան շրջանի շրջանային դատախազ Տանա Պրոենթէն:

«Ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատար Սալի Եէյց դաւաճանած է արդարադատութեան նախարարութեան` մերժելով կատարել օրինական հրամանը, որ ուղղուած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու պաշտպանութեան», ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ:

«Ժամանակն է լրջօրէն վերաբերիլ մեր երկրի պաշտպանութեան: Եօթը վտանգաւոր վայրերէ եկող մարդոց աւելի խիստ ընտրութիւն կատարելու կոչը ծայրայեղ քայլ չէ», աւելցուցած է Թրամփի վարչակազմը:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազի պաշտօնակատարը հրահանգած էր արդարադատութեան նախարարութեան փաստաբաններուն դատարանին մէջ չպաշտպանելու ներգաղթի վերաբերեալ Թրամփի հրամանը:

«Զիս տակաւին չեն համոզած, որ գործադիր հրամանը օրինական է», գրած է Եէյց` նախարարութեան պաշտօնեաներուն ուղղուած յուշագիրին մէջ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու ներքին գործոց նախարար Ճոն Քելլի յայտնած է, որ Թրամփ պաշտօնազրկած է ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնակատար Տանիէլ Ռակստէյլը:

Թրամփ չէ հիմնաւորած իր որոշումը պաշտօնազրկելու Ռակստէյլը, որ նշանակուած էր նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին օրով: Անոր պաշտօնը ստանձնած է նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներէն մէկը` Թոմաս Հոման:

«Ես կը հաւատամ, որ Հոման ներգաղթի եւ մաքսային ծառայութեան ուժեղ եւ արդիւնաւէտ ղեկավար պիտի ըլլայ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ, որ երէկ հրապարակուած է Քելլիի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.