2017-02-01 09:46:00

Թիֆլիսի Շամխորեցիներու Սբ. Աստուածածին հայկական եկեղեցին վտանգի տակ է


Թիֆլիսի` 19-րդ դարու հայկական Շամխորեցիներու կամ Կարմիր Աւետարան, Սբ. Աստուածածին եկեղեցին կը համարուի Թիֆլիսի 6, այսպէս կոչուած, «վիճելի» եկեղեցիներէն մէկը: Երբեմնի հայաշատ Հաւլաբարի, ժամանակին ամենաբարձր գագաթով խոնարհուած եկեղեցին, կամ այն ինչ մնացած է անկէ, ներկայիս կը պատկանի Վրաստանի մշակոյթի եւ յուշարձաններու պաշտպանութեան նախարարութեան:

Ըստ Aliq.ge-ի՝ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 5-էն եկեղեցւոյ յարակից տարածքին շինարարութիւն սկսած է: Շինարարական աշխատանքները իրականացնող «Հորիզոն» ՍՊԸ-ին տրուած են բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը: Շինարարութիւնը կ՝ընթանայ եկեղեցիէն ընդամէնը 5 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

Լրատուամիջոցի նկարահանող խումբը եկեղեցւոյ տարածքին հանդիպած է յուշարձաններու պաշտպանութեան գործակալութեան աշխատակիցներէն մէկուն, սակայն անոր հետ չէ յաջողած խօսիլ, քանի որ, վերջինս տեսախցիկը տեսնելուն պէս լքած է տարածքը:

Վիրահայոց թեմի մամուլի եւ լրատւութեան հարցերով պատասխանատու Սուսաննա Խաչատրեանի խօսքերով, դեռ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 8-ին թեմի կողմէն նամակ ներկայացուած է Յուշարձաններու պաշտպանութեան ազգային գործակալութեան, որ` սակայն, մնացած է անպատասխան:

«Երկու օր առաջ, «Թիֆլիսի համքարներ» հասարակական կազմակերպութիւնը կրկին բարձրացուցած է այդ հարցը, արդէն շեշտադրումը դնելով այն բանի վրայ, որ ընդամէնը 5-6 մեթր հեռաւորութեան վրայ ընթացող շինարարութիւնը կրնայ վնաս պատճառել եկեղեցիին եւ նպաստել անոր ոչնչացման: Վտանգ կը սպառնայ արեւելեան պատի` այդ կանգուն մնացած միակ պատի փլուզման: Այսօր, վիրահայոց թեմի իրաւաբանական բաժինը նամակ գրած է քաղաքապետարանին եւ նախարարութեան, որպէսզի միջոցներ ձեռնարկուին եկեղեցւոյ փլատակները պահպանելու համար, ինչպէս նաեւ դադրեցուին շինարարական աշխատանքները»,- ըսած է Սուսաննա Խաչատրեան:

Վերջինս նաեւ աւելցուցած է, որ Հայաստանեան առաքելական եկեղեցւոյ համար Շամխորեցիներու Սբ. Աստուածածինը վիճելի չի դիտարկուիր, հաւանաբար վրաց ուղղափառ եկեղեցին զայն վիճելի կը համարէ, անոր համար ալ սառեցուած է եկեղեցւոյ հարցին լուծումը: «Սակայն ամէն ինչէ զատ անիկա մշակութային կոթող է` կը գտնուի Վրաստանի մէջ եւ անոր անվտանգութեան հարցով պատասխանատու է Վրաստանի յուշարձաններու նախարարութիւնը: Մենք կ՝ահազանգենք եւ յոյս ունինք, որ Վրաստանի իշխանութիւնները պատշաճ մօտեցում պիտի ցուցաբերեն»:

Նշենք, որ շինարարական արտօնութեան փաստաթուղթէն կարելի է ենթադել, որ կառուցուող շինութիւնը բնակելի շէնք կամ` հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ շինարարութիւնը կ՝ընթանայ վայրի մը մէջ, ուր կը գործեն շարք մը հիւրանոցներ, շինութիւնը կրնայ նախատեսուած ըլլալ ծառայութեան ոլորտի համար: Շինարարութեան համար պատասխանատու անձ կը հանդիսանայ Իրագլի Գէսելիան, որուն հեռախօսահամարը նոյնպէս նշուած է պաստառին:








All the contents on this site are copyrighted ©.