2017-01-31 09:46:00

Մեր կեանքը կառուցանենք Յիսուսի հետ (Մատթ. 7, 24-27)


 Տէր, կը վստահիմ  քեզի։ Յոյսս դրած եմ քու վրադ։ Պատրաստ եմ քեզ լսելու։  Օգնէ ինծի մտիկ ընելու եւ հասկնալու քու խօսքդ։ Ապրիլ գիտնալ Յիսուսի ուսուցումները։

Սուրբ Մատթէոսի Աւետարանին այս հատուածը կ’եզրափակէ  լեռան մասին ճառը, որ սկսած էր երանելիներուն հետ։ Այս ճառը, որ կը շօշափէր աղօթքին, թողութեան, Նախախնամութեան յանձնուելու նման զանազան թեմաներ, կ’աւարտի, ուրեմն, այս փոքր առակով, ուր կը տեսնենք  մարդ մը՝ որ իր տունը կը կառուցանէ ժայռի վրայ, եւ որ իր կեանքը Յիսուսի խրատներով կառուցող մարդն է, եւ ուրիշ մը որ իր տունը կը կառուցանէ աւազի վրայ, նման այն մարդուն որ կ’ապրի առանց հաշուի առնելու այն ինչ որ Յիսուս ըսաւ։

Յիսուսին եւ անոր խօսքերուն դիմաց, ուրեմն,  ընտրանք մը պէտք է ընել,  կեցուածք մը որդեգրել։

Եւ ասիկա կը տեսնենք Յիսուսի կեանքի սկիզբէն։ Անոր ծնած օրէն սկսեալ, ոմանք զինք կը դիմաւորեն ուրախութեամբ եւ ուրիշներ՝ զորս անոր գալուստը կը վախցնէ եւ որոնք պիտի ընդդիմանան անոր։ Հովիւները եւ մոգերը, որոնք տարբեր միջոցներով ստացան Յիսուսի աշխարհ գալստեան լուրը,  կու գան յարգանք  մատուցանելու անոր եւ խոնարհելու անոր առջեւ։ Մինչ, Հերովդէս, որ այն ժամանակ կ’իշխէր Պաղեստինի վրայ, իմանալով որ Յիսուս ծնած է, կը վախնայ եւ կ’որոշէ զինք սպաննել եւ մինչեւ իսկ յառաջացնելով անմեղներու ջարդին ողբերգութիւնը։

Այս ընտրանքը  պէտք է կատարենք նաեւ մենք։

Յիսուսի խօսքերը չեն կրնար մեզ անտարբեր ձգել, որովհետեւ մեր կեանքին, մինչեւ իսկ անոր ամէնէն շօշափելի երեսներուն վերաբերող խօսքեր են։ Այս աշխարհի բարիքներէն սրտի անջատման, թողութեան, Աստուծոյ հանդէպ վստահութեան, ապագային հանդէպ ողորմածութեան մասին Յիսուսի ուսուցումներուն կրնանք հետեւիլ, զանոնք ապրիլ կամ ոչ։  Եթէ հետեւինք, պիտի նմանինք այն մարդուն որ իր տունը կը կառուցանէ ժայռի վրայ։  Առաջին ակնարկով թերեւս ան կատարեալ պիտի չըլլայ, սակայն ան գոնէ ամուր պիտի ըլլայ, եւ առաջին փոթորիկին իսկ փուլ պիտի չգայ։ Մինչդեռ, եթէ  ընտրենք հաշուի չառնել այն ինչ որ Յիսուս կ’ըսէ եւ նախընտրենք  հետեւիլ իրերը տեսնելու մեր ուրոյն ձեւին, կրնանք գեղեցիկ տուն մը կառուցանելու տպաւորութիւնը ունենալ, սակայն եթէ բաւականին կարեւոր փորձութիւն մը պատահի,  փուլ գալու մեծ հաւանականութիւն ունի այն  որուն շուրջ,  Աւետարանի տան նման կառուցած ենք մեր կեանքը։

ԶՐՈՅՑ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՀԵՏ

Տէր, կը հաւատամ որ դուն Աստուած ես, որ դուն իմ Արարիչն ես, որ դուն ինծմէ աւելի կը ճանչնաս զիս։ Ասոր համար պիտի հետեւիմ քեզի։  Ասիկա լաւագոյն բանն է որ կրնամ ընել։ Կեանքս ապրելու լաւագոյն կերպը։

Վերստին կարդալ սուրբ Մատթէոսի 5, 6 եւ 7 գլուխները եւ տեսնել թէ կա՞ն բաներ որոնք կրնան կեանքս փոխել, եւ աւելի լաւապէս ապրելու համար Աւետարանին համաձայն։








All the contents on this site are copyrighted ©.