2017-01-30 13:56:00

Վանականութիւն (ԻԳ)


ԺԱ. դարէն սկսեալ ծաղկեցաւ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնը։ Այնտեղ, նաեւ վանական կեանքը ապրեցաւ ծաղկումի շրջան մը։ Ոչ միայն առանցին վանքեր հիմնուեցան եւ պայծառացան, այլ կազմուեցան վանական հաստատութիւններու ամբողջ գաղութներ, ինչպէս Սեւ Լերան վանքերը։ Ասոնք կարճ ժամանակի մէջ վերածուեցան հոգեւոր կենդրոններու ինչպէս նաեւ գիտութեան վայրերու։

Հ. Համազասպ Ոսկեան Սեւ Լերան վանքերու մասին կը գրէ՝ “Անունը սեւ է, բայց ինքը սպիտակ է եւ սուրբ կամ ճշդագոյնս սրբատեղի, ուր քանի մը դար հայազգի եւ օտարազգի միանձներ ճգնեցան եւ գիտութեամբ պարապեցան։

Սեաւ Լերինք կամ Սեւ լեռները կամ Ամանոս լեռները Տաւրոսեան լեռներու մէկ բազուկն են եւ Ծովային Կիլիկիայի մէջ կը գտնուին։ Հոն հաստատուած էին բազմաթիւ ճգնարաններ եւ մենարաններ։ 1028ին Ռոմանոս կայսրը գալով կը հանդիպի այն լերան, որ կը կոչուի Սեւ, եւ հոն կը տեսնէ վանքերու բազմութիւն մը եւ մենաստաններ այն միայնակեացներուն, որոնք թէեւ մարմնաւոր էին, սակայն կը նմանէին անմարմիններուն, որոնք կը բաւարարուէին մէկ մորթիով կամ բաճկոնով։ Երկաթէ բրիչը իրենց ձեռքը խոնջէնքով կ’աշխատին գարի սերմանելով եւ իրենց առօրեայ կերակուրը պատրաստելով։ Թագաւորը տեսնելով ասոնք, կը հարցնէ իր արժանաւորներուն. Ի՞նչ է հերետիկոսներու այդ բազմութիւնը։ Անոնք կը պատասխանեն. Ասոնք աղօթողներու երամներն են։ Թագաւորը պատասխան տալով կ’ըսէ՝ անոնց աղօթքը պէտք չէ ինծի, այդ վանքերէն իմ թագաւորութեանս ծառայութեան համար աղեղնաւորներ զինուորագրեցէք։

Թագաւորին հարամանը չի կատարուիր, վասն զի դժբախտութիւններու կը հանդիպի ինքը, բայց 1066ին Աւշին պարսիկ ամիրային ատեն սուրբ կրօնաւորներէն շատեր կը մատնուին սուրի եւ կրակի եւ կ’ըլլան կերակուր գազաններու եւ թռչուններու։ Պատմիչը կը գրէ, “Անթիւ վանքեր հրով այրեցան”։ Սակայն մոխիրներու վրայ նորեր կը բարձրանան եւ վանական կեանքը վերստին կ’ընձիւղի եւ կը ծաղկի։ Հայ իշխաններէն ու թագաւորներէն, կաթողիկոսներէն եւ վարդապետներէն կը գնահատուին ու քաջալերուին ճգնաւորներն ու վանականները։ Եւ շատերը այն տեղ փնտռեցին իրենց սրտին հանգստութիւնն ու մտքին զարգացումը։”

Կիլիկիոյ վանքերէն ամենէն նշանաւորներէն է Սկեւռայի վանքը։ Դարձեալ Հ. Ոսկեան կը գրէ, թէ յիշատակարան մը, որ գրուած է 1173 թուականին, Ներսէս Լամբրոնացիի հրամանով, կը պատմէ թէ Գագիկ Թագաւորի նախարարներէն Ապլղարիպ կ’երթայ Յոյներու Միքայէլ կայսեր եւ անոր կ’առաջարկէ իր ծառայութիւնը։ Կայսրը անոր կը պարգեւէ Կիլիկիայի իշխանութիւնը, մասնաւորապէս կ’ընձեռէ անոր Տարսոն քաղաքը հանդերձ անոր տակ գտնուող դղեակներով։ Հասնելով Տարսոն՝ առաջին գործը կ’ընէ իր իշխանութեան տակ գտնուած Հայերու համար շինել եկեղեցիներ եւ վանքեր։ Ապա ուշադրութիւն կը դարձնէ երկու անմատոյց բերդերու՝ Պապեռոնի եւ Լամբրոնի – Տաւրոս լերան ստորոտը եւ Տարսոնի վերեւ, որոնք անմատոյց բարձունքներով կ’իշխէին շրջակայ գաւառներու վրայ։

Ապլղարիպ Պապեռոն իրեն կը վերապահէ, իսկ անառիկ Լամբրոն բերդը, ուր զետեղած էր Պետրոս Առաքեալին մատը, այլ նշխարներով եւ սուրբ խաչի մասունքով եւ այլ գանձերով, կը պարգեւէ իր հաւատարիմ իշխաններէն՝ Օշինի։

Օշին իր ազգատոհմով կը մտնէ Լամբրոն, զոր կը գտնէ անհպելի եւ անառիկ՝ դժուարաբնակ սահմաններու եւ բերդի ամրութեան պատճառով։ Բայց դղեակը երկար ժամանակէ ի վեր ամայացած էր, ուստի կը ձեռնարկէ զայն նորոգելու։ Նախ բերդին մէկ կողմը, ան կը պատաստէ սուրբ Պետրոսի նշխարներու հանգստարան մը։

Լամբրոնի մեծագործ տէրը եղաւ Օշին Բ., կայսեր կողմէ պատուուած Սեւաստոս տիտղոսով։ Ան Լամբրոնի մէջ մեծ եւ վայելուչ եկեղեցի մը կը շինէ եւ Պետրոս առաքեալի նշխարները հոն կը փոխադրէ։ Ապա կը կառուցանէ աստուածահրաշ սուրբ վանքեր եւ սուրբ եկեղեցիները՝ Սուրբ Փրկիչ։ Այնտեղ կը տեղադրէ եղբայրութիւններ եւ իր կնոջ հետ Տիկիններու Տիկին Շահանդուխտի հետ միասին՝ խնամք կը տանէր անոր տեւապէս։ Այստեղ նաեւ իր ազգատոհմի տապանատունն էր։ Այս վանքը կը կոչուի Սկեւռայի վանքը։ “Սկեւռա” անունը հաւանաբար յունարէն բառէ յառաջ կու գայ, որ կը նշանակէ “արկղ”, “եկեղեցական արկղ”՝ ուր կը պահուի խաչը։ Ըստ ոմանց այսպէս անուանուած է, որովհետեւ այնտեղ կը պահուէին շատ մը մասունքներ։

Սկեւռայի վանքը եղած է Լամբրոնի հայ իշխաններու, Հեթումեաններու եւ թերեւս անոնցմէ առաջ յոյն դղեակատէրերու հանգստարան-դամբարանը։

Սկեւռայի վանքը նշանաւոր է իբր մատենագրութեան կարեւոր կենդրոն։ Ան օժտուած էր դպրոցով, գրչատունով եւ մատենադարնով։ Ծանօթ է նաեւ իբր գրչութեան եւ մանրանկարչութեան փայլուն կենդրոններէն։ Այդ վանքի ամենէն նշանաւոր դէմքերն են Ներսէս Լամբրոնացի եւ Գրիգոր Սկեւռացի առաջնորդները, ինչպէս եւ Գրիգոր Պիծակ, Սարգիս Պիծակ մանրանկարիչները։








All the contents on this site are copyrighted ©.