2017-01-30 11:55:00

Ս. Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 30 Յունուար 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց  Ս. Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալներու անուան եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Վերոնշեալ համահաւաք դասը իր մէջ կը ներփակէ Սերպիայի, Մոնթենեկրոյի, Նախկին Եուկոսլավիայի եւ Մակեդոնիոյ ու Քոսովոյի հանրապետութիւններու ինը եպիսկոպոսները։ Համահաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Լատիզլաւ Նեմեթ։ Համահաւաք դասը կազմուած է 22 դեկտեմբեր 2004-ին մինչ անոր կանոնագիրքը վաւերացուած է 21 օգոստոս 2006-ին։

Համահաւաք դասի նստավայրը կը գտնուի Պելկրատ։ 2014-ին Եպիսկոպոսները խնդրանք ներկայացուցին համահաւաք դասը բաժնել չորս ազգային եպիսկոպոսական անկախ դասերու աւելի պատշաճ կերպով գործելու եւ Պետութիւններու հետ աւելի սերտ կապ ստեղծելու բերումով։

Ս. Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հողային տարածքին վրայ կան երկու աւագ թեմեր, 4 թեմ, Սերպիոյ մէջ երկու առաքելական էքզարկութիւններ` արեւելածէս հաւատացեալներու համար եւ Քոսովոյի մէջ մէկ առաքելական հոգաբարձութիւն։

Սերպիոյ հանրապետութիւնը ունի 77, 589 քմ տարածք եւ 7 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն, որուն մեծամասնութիւնը` 84,6 առ հարիւրը, օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը պատկանին մինչ կաթողիկէները կը կազմեն բնակչութեան միայն 5,8 առ հարիւրը, ապա կան 1,1 առ հարիւրով բողոքականներ ու իսլամ կրօնի պատկան փոքրամասնութիւն մը` 2,9 առ հարիւր։

Մոնթեներկոյի հանրապետութիւնը ունի 13,812 քմ քառակուսի տարածք եւ 621 հազար բնակչութիւն, որուն 72,1 առ հարիւրը քրիստոնեայ օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը պատկանին մինչ կաթողիկէներու քանակը 3 առ հարիւրի կը հասնի, ապա կան 19,1 առ հարիւրով մահմետականներ։

Եուկոզլավիայի նախկին հանրապետութիւնն ու Մակեդոնիան ունին 25,713 քմ քառակուսի տարածք  եւ 2 միլիոնէ աւելի բնակչութիւն։ Միւս երկիրներուն նման բնակչութեան մեծամասնութիւնը օրթոտոքս եկեղեցւոյ կը պատկանին ապա կան Սիւննի իսլամներ` 32 առ հարիւրով հուսկ փոքրամաս կաթողիկէ հասարակութիւն մը որ կը կազմէ բնակչութեան 0,64 առ հարիւրը։

Քոսովոյի տարածքը` 10,908 քմ քառակուսի է, մինչ բնակչութեան թիւը  կը գերազանցէ 1,800։

Ի տարբերութիւն միւս երկիրներուն Քոսովոյի բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ կրօնի կը պատկանի, մինչ կաթողիկէ փոքրամաս հասարակութիւնը կը կազմէ բնակչութեան 3 առ հարիւրը, կան ապա օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցւոյ հաւատացեալներ։

Վերոնշեալ երկիրներու մէջ քրիստոնէութիւնը մուտք գործեց առաջին դարերէն իսկ մինչ քրիստոնէութեան ծաղկումը վերագրուած է Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս եղբայրներուն որոնք 9-րդ դարուն իրենց աւետարանումի առաքելութեամբ համայն տարածաշրջանին մէջ քարոզեցին աւետարանը։

Վերոյիշեալ երկիրներուն մէջ կաթողիկէ փոքրամաս հասարակութիւն կ՛ապրի բազմամշակութային ու բազմակրօնային իրականութեան մը մէջ ուր միջրկօրնային ու միջ եկեղեցական երկխօսութեան մարտահրաւէրը հիմքը կը կազմէ  խաղաղ համակեցութեան  մինչ երկխօսութեան կարեւոր վկայութիւններէն կարելի է նկատել կարիքաւորներու ի սպաս միասնական ծառայութիւնը եւ համագործակցութիւնը ինչպէս նաեւ 2014-ին Սերպիան հարուածող ջրհեղեղի աղէտի բերումով` Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սատարը ու բնակչութեան ի սպաս մատակարարած օգնութիւնները, որոնք արժանացան Օրթոտոքս եկեղեցականներու գնահատանքին։

Ս. Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս առաքեալներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Լատիզլաւ Նեմեթ հաստատած թէ  դասին դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրներուն մաս կը կազմեն եպիսկոպոսներու միջեւ համագործակցութեան հոգիի պահպանումը ապա ամրապնդել կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութիւնը ու գործել ի սպաս հաշտութեան` այդ տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ, հուսկ ամենակարեւորը` աշխատիլ ի սպաս խաղաղութեան մշակոյթի հաստատումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.