2017-01-30 14:18:00

Միջեկեղեցական քահանայապետական խորհուրդը կը դատապարտէ Քեպէքի ահաբեկչական արարքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 30 Յունուար 2017-ին Միջ եկեղեցական քահանայապետական խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշուի թէ խորհուրդը մեծ տխրութեամբ եւ վրդովմունքով իմացաւ Քեպէքի մէջ իսլամ հաւատացեալներու դէմ գործուած ահաբեկչական արարքի լուրը, մինչ անոնք համախմբուած էին իրենց աղօթավայրին մէջ։

Այս անիմաստ արարքով կեղծուեցան մարդ արարածի կեանքի սրբութիւնը ու աղօթքի մէջ գտնուող կրօնական հասարակութեան վերապահուած յարգանքը։

Միջ եկեղեցական քահանայապետական խորհուրդը խստիւ կը դատապարտէ այս անիմանալի բռնութեան արարքը ու կը փափաքի իր լիակատար զօրակցութիւնը արտայայտել Քանատայի մահմետականներուն, աղօթքներ ապահովեցնելով զոհերուն ո անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար - գրուած է միշտ Միջեկեղեցական քահանայապետական խորհուրդի հրատարակած դատապարտական հաղորդագրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.