2017-01-30 11:08:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Յայտնութեան Գ. Շաբաթ (29 Յունուար- 5 Փետրուար 2017)


Կիրակի օր` Լսեցինք աւետարանին մէջ Քրիստոսի խօսքը ուղղուած իր աշակերտներուն, ուր կը բացայայտէ թէ ինք ունի կերակուր մը զոր իրենք չեն ճանչնար. Քրիստոսի ճշմարիտ կերակուրը հոգեկան է, կը կայանայ Աստուծոյ կամքը կատարելու մէջ։ Ուստի կը խրատէ զիրենք աւելի հետամուտ ըլլալու հոգեւոր կերակուրին քան թէ մարմնաւորին, որ կորստական է։

Նոյնպէս երբ կը խօսի Սամարացի կնոջ հետ, աղբիւրին մօտ` անոր կը խոստանայ տալ ջուր մը որ երբեք չի ծարաւեցներ։ Քրիստոսի խօսքերուն հետեւանքը կ՛ըլլայ ամբողջ գիւղի մը դարձը. Անոնք կը մօտենան առաքեալներուն որպէս պարարտ ու ատոք հունձք մը, զոր Տէրը իրենց համար պատրաստած է։

Երկուշաբթի 30 Յունուարին՝  տօնն է  Ս. Եւգինէ կոյսին, անոր հօր՝  Փիլիպպոսի, մօր՝ Կղոտէի եւ երկու եղբայրներուն՝  Սերկէյի ու Ապիտոնի,  ինչպէս նաեւ՝  երկու ներքինիներուն։

Երեքշաբթի 31 Յունուարին՝ տօնն է Մարութա եպիսկոպոսին։

Հինգշաբթի 2 Փետրուարը,  Տեառնընդառաջ է. Այսինքն երբ Յիսուսի ծնողքը զինք կը ներկայացնեն տաճարին, քառասնօրեայ շրջանը ամբողջացնելէ ետք։ Յատկանշական է մանաւանդ հանդիպումը երկու ծերունիներուն, Սիմէոնի եւ Աննայի, որոնք` ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն` կու գան տաճար մանուկը տեսնելու, այն որ եկած է փրկելու ժողովուրդը, խոստացուած Մեսիան։

Հայ Եկեղեցին այդ օրը կը կատարէ մոմերու օրհնութիւնը։ Ժողովուրդը, այդ օրհնուած մոմերը առնելէ ետք` տուն կը տանի որպէս խորհրդանիշ հաւատքի լոյսին, որ կը լուսաւորէ ամէն քրիստոնեայ ընտանիք։ Նաեւ նոյն օրը, կամ նախորդ օրուայ իրիկունը, ըստ տեղւոյն յարմարութիւններուն, Աւագերէցը անդաստան կը կատարէ դպիրներուն հետ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ. Անդաստանը զուտ հայկական սովորութիւն մըն է, ուր կ՛օրհնուին աշխարհի չորս կողմերը, դառնալով վառուած կրակի մը շուրջը։

Ուրբաթ 3 Փետրուարին `  տօնն է Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին։ Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։ Հռոմի  Ս. Վլասի անուան եկեղեցւոյ մէջ (Via Giulia) ամբողջ օրը պատարագ կը մատուցուի, եւ  հաւատացեալները առիթը կ՝ունենան իրենց  կոկորդը Ս. Իւղով օրհնել տալու, իսկ հայածէս ձայնաւոր պատարագը ժամը  18-ին է։

Շաբաթ օրը՝ 4 Փետրուարին, տօնն է Ս. Եւգինէոսի, Մակարիոսի ու Վաղերիոսի, ինչպէս նաեւ Կանդիտոսի ու Ակիւղսի։

Կիրակի 5  Փետրուարը  ըստ ծիսական տօնացոյցի Առաջաւորաց բարեկենդան է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.