2017-01-30 09:07:00

Գերապայծառ Փալիայի Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կեանքի Քահանայապետական կաճարի նախագահ` գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա, 30 Յունուարէն 7 Փետրուար 2017, առաքելութեամբ մեկնած է Միացեալ Նահանգներ կարգ մը պաշտօնական հանդիպումներ ունենալու տեղական եպիսկոպոսներուն ու կազմակերպութիւններուն հետ։

Սոյն հանդիպումներու շարքին են Տալլասի մէջ` 6 Փետրուարին կայանալիք` Հիւսիսային Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն յատկացուած  կենաս-բարոյականութեան մասին 26-րդ գիտաժողովը եւ 2 Փետրուարին Ուիլմինկթընի մէջ նախատեսուած Կեանքի եւ Ընտանիքի մասին դասախօսութիւնը։

Գերապայծառ Փալիա պիտի այցելէ նաեւ Ուաշինկթընի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան հաստատութիւնը ուր` 3 փետրուարին­, հանդիպումներ կ՛ունենայ հաստատութեան դասատուներուն ու աշակերտութեանց հետ մինչ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ նախատեսուած են Միացեալ Ազգերու մօտ հաւատարմագրուած բարեսիրական հաստատութիւններու անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.